ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Նիուզ».- Ըստ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան զինուորական կեդրոնական հիւանդանոցի պետ Միքայէլ Միքայէլեանի, Լեռնային Ղարաբաղի Մարտակերտի շրջանի Չայլու գիւղին մօտ, Յունիս 18ին տեղի ունեցած միջադէպին ընթացքին վիրաւորուած զինուորական ծառայող Անդրանիկ Արզումանեան կը շարունակէ մնալ մահաքունի մէջ, իսկ բժիշկները կը շարունակեն պայքարիլ անոր կեանքին համար:
Նշենք, որ քանի մը օր առաջ, բժիշկները նկատած էին վիրաւորին կողմէ ձեռքի շարժում, սակայն ըստ Միքայէլեանի, շարժումը եղած է անգիտակցաբար: Բժիշկը նաեւ նշած է, որ նման պարագաներ յաճախ եղած են եւ իրենք յաջողած են փրկել հիւանդին կեանքը, սակայն հնարաւոր չէ եղած փրկել անոր ուղեղը։ «Եղել են նաեւ դէպքեր, երբ մօտ 6-7 ամիս քոմայի մէջ է եղել մարդը, որից յետոյ վերականգնում է սկսուել», ըսած է Միքայէլեան:
Յիշեցնենք, որ նշեալ օրը Լեռնային Ղարաբաղի տարածք ներխուժած ատրպէյճանցիներու հետախուզական խմբաւորումը պատճառ դարձած էր դիմահար մերձամարտի, որուն հետեւանքով զոհուած էին չորս եւ վիրաւորուած նոյնքան հայ զինուորական ծառայողներ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.