ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Յուլիս 8ին կայացած ասուլիսի մը ընթացքին, Ժառանգութիւն կուսակցութեան ղեկավար Արմէն Մարտիրոսեան տեղեկացուցած է, թէ Յուլիս 10ին տեղի պիտի ունենայ կուսակցութեան 10րդ համագումարը, որուն ընթացքին պիտի ընտրուի նոր վարչութիւն, պիտի ներկայացուին կուսակցութեան գործունէութեան հաշուետուութիւնն ու ծրագիրները:
Կուսակցութեան ղեկավարը նշած է, որ նոր վարչութեան կազմին մէջ պիտի չներկայացուին անոր նախկին անդամները ու քիչ պիտի ըլլան նաեւ պատգամաւորները։ Ա. Մարտիրոսեան նշած է նաեւ, որ վարչութեան նախագահի պաշտօնին վրայ կ՛ակնկալէ տեսնել Րաֆֆի Յովհաննէսեանը, քանի որ, ըստ իրեն, ատիկա հասարարական պահանջք է:
Ան նաեւ յայտնած է, որ համագումարին կը նախատեսուի 400 պատուիրակի ներկայութիւն, իսկ այլ կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներու՝ պաշտօնական հրաւէրներ չեն ուղարկուած: Արմէն Մարտիրոսեանի հաւաստումով, համագումարի ընթացքին պիտի լսուի նաեւ Րաֆֆի Յովհաննէսեանի զեկոյցը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.