ԼԻՆՏԱ ԳԱՆՏԻԼԵԱՆ

Հպարտութեամբ եւ հոգեկան մեծ ուրախութեամբ կը դիմաւորենք Հայ Օգնութեան Միութեան դարադարձը, Հայկական կանանց միակ կազմակեպութիւնը, որ ոչ միայն բարեսիրական բազմաբնոյթ ծառայութիւններ մատուցած է, այլ՝ կազմակեպած է հայ կինը եւ անոր ունեցած բոլոր կարողութիւններն ու ձիրքերը արժեւորած՝ ընկերային, հայապահպանման եւ ազգային ծառայութեան ծիրէն ներս:
Փառք հարիւրամեայ հաւատաւորներուն, փառք հարիւրամեայ ծառայութեան, խունկ ու մոմ ննջեցեալներուն:
Յառաջ դէպի նոր արշալոյսներ…
Այս գաղափարներով խրախուսուած՝ ՀՕՄ ԱՄՆ Արեւմտեան շրջանի Հարիւրամեակի հիմնադրամի յանձնախումբը, վերջին երեք տարիներուն ընթացքին կարելի բոլոր միջոցներով ջանաց գաղութս առնչակից դարձնել ՀՕՄի հարիւրամեակին, նոյն առիթով կազմակերպուած զանազան միջոցառումներուն փորձեց մասնակից դարձնել գաղութիս բոլոր խաւերը, որպէսզի զայն վերածէ համահայկական եւ ժողովրդային մեծ տօնակատարութեան մը՝ վայել հարիւրամեայ կանանց կազմակերպութեան, որ ստեղծուած օրէն արմատները խրեց ժողովուրդի պարարտ հողին, սնանեցաւ ժողովուրդի աւիշով եւ սնուցանեց ժողովուրդը իր խնամքով ու հոգատարութեամբ:
Այլ խօսքով՝ «Ժողովուրդիս հետ, ժողովուրդիս համար» բնաբանով գործող այս կազմակեպութեան դարադարձին, «հերթը քոնն է» հա՛յ ժողովուրդ…
Երախտագիտութեան եւ նուիրաբերումի պահն է…
Այսօր, առիթը տրուած է բոլորի՛ս, անխտիր, ՀՕՄի հարիւրամեայ ծառայութիւնները վեր առնելով՝ նիւթապէս եւ բարոյապէս խթան հանդիսանալու կազմակերպութեան, որպէսզի ան հաստատ քայլերով շարունակէ դէպի նոր հարիւրամեակներ… դէպի նոր ուղեւորութիւն…
ՀՕՄ Հարիւրամեակի հիմնադրամի յանձնախումբը իր կազմակերպած հանգանակային ձեռնարկներու կողքին, նաեւ կազմակերպեց քարոզչական բնոյթ կրող տարբեր ծրագիրներ՝ ներգրաւելով գաղութիս այլ հատուածները:
Կարելի է յիշատակել այս ծրագիրներէն կատարուած քարոզչական աշխատանքը կարգ մը Հայկական վարժարաններէ ներս, ի մասնաւորի բարձրագոյն կարգերու աշակերտութեանց՝ ծանօթացնելու համար Հարիւրամեայ ՀՕՄի աշխատանքները երիտասարդներուն եւ ներգրաւելու զանոնք: Այս աշխատանքը վստահուած էր ՀՕՄ Հարիւրամեակի յանձնախումբին կողմէ ստեղծուած հայկական վարժարաններէ ներս ՀՕՄի քարոզչութիւնը տանող ենթայանձնախումբի մը, յանձինս Մաքօ Մկրտիչեանի, Խաթուն Բագրատունիի, Ռիթա Որբերեանի, Լինտա Գանտիլեանի, Նունիկ Ամիրեանի եւ Սեդա Սիմոնեանի, իսկ ՀՕՄի գործունէութեան ներկայացումը տեսաերիզով ձեռնհասօրէն եւ սպառիչ կերպով կատարեց Նայիրի Տէրտէրեան, որուն կ՛ընկերակցէին Շրջանային վարչութեան եւ ՀՕՄ Հարիւրամեակի հիմնադրամի յանձնախումբի ներկայացուցիչներ:
Այս ներկայացումներուն յաջորդեց շարադրութեան մրցումներ 6-12րդ դասարաններու աշակերտութեան համար, որ առիթը ունեցաւ արտայայտելու իր զգացումները եւ մտածումները հայրերնիքի եւ ՀՕՄի գործունէութէան մասին, իբրեւ սփիւռքահայ պատանի եւ երիտասարդ:
Յանձնախումբիս շարադրական մրցոյթին ընդառաջեցին 8 վարժարաններ՝ ուղարկելով շուրջ 120 շարադրական աշխատանքներ, որոնց սրբագրութիւնը կատարեց այս առթիւ կեանքի կոչուած դատական կազմը՝ բծախնդրօրէն նկատի ունենալով եւ յարգելով շարադրական օրէնքներն ու կանոնները, եւ կատարուեցան ընտրութիւնները: Աւելի մեծ թիւով աշակերտներ քաջալերելու համար, դատական կազմը, իւրաքանչիւր դպրոցի մասնակից դասարաններէն նաեւ ընտրեց շահող աշակերտներ:
Միջդպրոցական դասաւորումին մաս կազմող աշակերտներու անունները կը կցենք այս գրութեան. նաեւ 12րդ դասարաններու առաջին երեք տեղերը գրաւող շարադրութիւնները կը հրատարակուին այսօրուան թիւով:
ՀՕՄի գործունէութեան ծանօթացումը կատարուեցաւ նաեւ Շաբաթօրեայ վարժարաններու աշակերտներուն համար, դարձեալ Նայիրի Տէրտէրեանի կողմէ, ապա յաջորդեց գծագրութեան մրցում, ուր առիթ տրուեցաւ փոքրիկներուն գծագրութեամբ արտայայտելու իրենց միտքերը ՀՕՄի գործունէութեան մասին: Դարձեալ, այս պարագային, լաւագոյն գծագրութիւն գծողները պիտի պարգեւատրուին:
Այս աշխատանքին յարակից նաեւ տարբեր ենթայանձնախումբի մը միջոցաւ, կը պատրաստուի ՀՕՄի գործունէութիւնը եւ նուիրեալները անմահացնող գեղեցիկ գիրք-ալպոմ մը: Արդէն գիրքի նախապատրաստական գլխաւոր աշխատանքները ամբողջացած են՝ շնորհիւ ենթայանձնախումբի անդամուհիներուն եւ բոլոր ՀՕՄուհիներուն: Շուտով հանրութեան սեփականութիւնը պիտի դառնայ գիրք-ալպոմը:
ՀՕՄի դարադարձը նշել, կը նշանակէ վերակոչել դար մը ծառայութիւն՝ իր բազմաբնոյթ մարդասիրական, ազգապահպանման եւ հայրենաշինութեան նպաստող ծառայութիւններով, որոնք միշտ ալ կիզակէտ ունեցան հայ ժողովուրդի գոյատեւումը եւ անոր հայրենիք Հայաստանի յաւերժութիւնը: