ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակի (ՊԲ) մամլոյ ծառայութեան յայտնած տեղեկութիւններուն համաձայն, անցեալ շաբթուան ընթացքին ղարաբաղա-ատրպեճանական զօրքերու շփման գօտիին վրայ արձանագրուած է հրադադարի խախտման շուրջ 200 դէպք:
Յուլիս 9ի գիշերն ու յաջորդ ամբողջ ցերեկը, հրադադարի խախտման դէպքեր արձանագրուած են շփման գօտիի հարաւ-արեւելեան, արեւելեան եւ հիւսիս-արեւելեան ուղղութիւններով:
Ղարաբաղի ՊԲի հաղորդագրութեան համաձայն, Յուլիս 5-10 ժամանակահատուածին, հակառակորդին կողմէ ձեռնարկուած բոլոր գործողութիւնները ղարաբաղեան դիրքապահներուն կողմէ ստացած են համարժէք պատասխան։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.