ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Ազատ Արցախ».- Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան Յուլիս 12ին հանդիպում մը ունեցած է «Ղարաբաղ Թելեքոմ» ընկերութեան գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեանի հետ։ Հանդիպման մասնակցած է նաեւ վարչապետ Արա Յարութիւնեանը։
Կողմերը քննարկած են ընկերութեան կողմէ Արցախի մէջ իրականացուող ներդրումային քաղաքականութիւնը, սակերու վերանայումը, ինչպէս նաեւ հասարակական ոլորտին մէջ բարեգործական ծրագիրներուն վերաբերող հարցեր:
Այնուհետեւ, ԼՂՀ կառավարութեան նիստերու դահլիճին մէջ կայացած է վարչապետին եւ «Ղարաբաղ Թելեքոմ» ընկերութեան գլխաւոր տնօրէնին միացեալ մամլոյ ասուլիսը՝ նուիրուած Արցախի կապի եւ հեռահաղորդակցութեան ոլորտի զարգացման, ու անոր ուղղուած պետական քաղաքականութեան:
Անդրադառնալով ոլորտի զարգացման՝ ըստ փուլերու՝ կառավարութեան ղեկավարը նշած է, որ ե՛ւ խորհրդային, ե՛ւ առաւել եւս պատերազմական ու յետպատերազմեան տարիներուն, բնագաւառին մէջ կուտակուած են բազմաթիւ խնդիրներ, որոնց աստիճանական վերացման նպաստած է 2002ին «Ղարաբաղ Թելեքոմ»ի մուտքը Արցախ: Կառավարութեան եւ ընկերութեան միջեւ ստորագրուած պայմանագրով, ընկերութիւնը պարտաւորութիւն ստանցնած էր ոլորտի զարգացման նպատակով մեծ ներդրումներ կատարել Արցախի մէջ։
Ըստ ընկերութեան տնօրէնին, կան դեռ շատ ընելիքներ, եւ այդ մասին կը վկայեն վերջերս հանրութեան կողմէ հնչած դժգոհութիւնները՝ ընկերութեան մատուցած ծառայութիւններուն, մասնաւորապէս համացանցի ցածորակ ըլլալուն, բջիջային հեռախօսակապի գիներուն եւ այլ հարցերու առումով:
Արա Յարութիւնեան նշած է, որ Ռալֆ Եիրիկեանի հետ վերջին հանդիպման ընթացքին ձեռք բերուած է պայմանաւորուածութիւն՝ բջիջային եւ համացանցային կապի սակերը վերատեսութեան ենթարկելու վերաբերեալ:
«Ղարաբաղ Թելեքոմ» ընկերութեան գլխաւոր տնօրէն Ռ. Եիրիկեան, իր կարգին, ամփոփելով կապի ոլորտի հետագայ զարգացման ուղղուած ընկերութեան մտադրութիւնները՝ նշած է, որ կը նախատեսուի բարելաւել քաղաքային կապը, լարայինէն անցնիլ ոչ լարային կապի դրութեան, արդիականացնել ընկերութեան սարքաւորումները եւ ստեղծել նոր կայաններ:
Ըստ անոր, սակերու նոր քաղաքականութեան իբրեւ արդիւնք, Արցախը կը դառնայ մրցունակ եւ մրցակից Հայաստանի դաշտին մէջ: Անոր խօսքերով, սակերու կտրուկ նուազումները կրնան բացասաբար ազդել սպասարկման որակին վրայ: Սակայն յառաջիկայ չորս ամիսներուն, Ռ. Եիրիկեանի հաւաստումով, պիտի արձանագրուին շօշափելի դրական փոփոխութիւններ: Նաեւ պիտի շարունակուին ընկերութեան աշխատակիցներու հասարակական պայմաններու բարելաւման ուղղուած ծրագիրներն ու բարեգործութիւնները:
Ի պատասխան համացանցին մէջ վերջերս յայտնուած՝ իր անձը զրպարտող տեղեկատուութեան, «Ղարաբաղ Թելեքոմ»ի գլխաւոր տնօրէնը յայտարարած է, որ ինք կողմնակից է կառուցողական, այլ ոչ թէ վիրաւորական քննադատութեան:
Ասուլիսի աւարտին, Ռ. Եիրիկեան խոստացած է յաճախ հանդիպիլ Արցախի լրագրողներուն հետ եւ պարզաբանել զանոնք յուզող հարցերը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.