Եթովպիական ճաշարանի մը եւ ռուկպիի ակումբի մը մէջ Ֆութպոլի աշխարհի ախոյեանութեան մրցաշարը դիտողներու դէմ ականահարումներ 64 զոհ պատճառացին, ներառեալ՝ ամերիկացի մը։ Ոստիկանութիւնը այն կասկածը ունի, թէ գործողութեան ետին կը կանգնի «Քայիտա»ի առնչուող սոմալիական խմբակ մը։
Ուկանտական կառավարութեան բանբեր Ֆրետ Օփոլոթ Երկուշաբթի օր յայտնեց, որ կան փաստեր, թէ Կիրակի ուշ գիշերին տեղի ունեցածը երկու անձնասպանական գործողութիւն էր։ Ոստիկանութիւնը յայտնեց նաեւ, որ ռուկպիի դաշտին մէջ արձանագրուած է 49 զոհ, իսկ եթովպիական ճաշարանին մէջ՝ 15 զոհ։
Քամփալայի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան բանբեր Ճոան Լոքարտ յայտնեց, որ զոհերուն շարքին է ամերիկացի մը։
Օփոլոթ յայտնեց, որ յարձակումները պիտի չազդեն 19-27 Յուլիսին, Ուկանտայի մէջ նախատեսուած Ափրիկեան միութեան գերաստիճանին վրայ։ Ափրիկեցի բազմաթիւ ղեկավարներ պիտի մասնակցին գերաստիճանին։
Պայթումներէն հազիւ երկու օր առաջ, Սոմալիի մէջ «Քայիտա»ի հետ առնչուած «Ալ Շապապ» կազմակերպութեան հրամանատար շէյխ Մուքթար Ռոհօու Ուկանտայի եւ Պուրունտիի մէջ թիրախներու դէմ յարձակումներ գործելու կոչ ըրած էր։ Երկու երկիրները մաս կը կազմեն Սոմալիի մէջ Ափրիկեան խաղաղապահ ուժերուն։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.