
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Չորեքշաբթի, Յուլիս 14ին, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը իր մասնակցութիւնը բերած է ցեղասպանութեանց դէմ պայքար մղող շարք մը կազմակերպութիւններու նախաձեռնած բողոքի ցոյցի մը, որ տեղի ունեցաւ՝ նշելու համար Սուտանի նախագահ Օմար Պաշիրը իբրեւ պատերազմական ոճրագործ ամբաստանող Միջազգային քրէական ատեանի որոշումին երկրորդ տարեդարձը:
Պաշիր ամբաստանուած էր Սուտանի Տարֆուր շրջանին մէջ տեղի ունեցած ցեղասպանութեան գծով: Ցոյցէն քանի մը օր առաջ, ատեանը նաեւ պաշտօնապէս ցեղասպանութեամբ ամբաստանած էր Պաշիրը:
Այս առթիւ, արբանեակային «Ճեզիրա» կայանին թղթակիցը տեղւոյն վրայ հարցազրոյց մը ունեցաւ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարիչ գործավար Արամ Համբարեանի հետ, զոր կարելի է դիտել հետեւեալ համացանցային կայքէջին վրայ՝ www.facebook.com/video/video.php?v=1490819321077&ref=mf:
Սպիտակ տան առջեւ տեղի ունեցած ցոյցին գլխաւոր կազմակերպիչ «Africa Action»ի ներկայացուցիչները շեշտեցին, թէ միջազգային համայնքը պէտք է նեցուկ կանգնի Միջազգային քրէական ատեանին, որ ցեղասպանութեանց դէմ դնող լաւագոյն միջազգային մարմինը կը նկատուի:
Ցուցարարները նաեւ պահանջեցին Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւններէն, որ այս հարցով աւելի վճռական դիրքորոշում որդեգրէ:
Այս նպատակով ԱՄՆ նախագահ Պարաք Օպամայի ու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընի նամակ մը յղելու համար, այցելել՝ action.savedarfur.org/campaign/genocidebashir/d7x6nsw497mm67j6? համացանցային կայքէջը: