ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Բազմիցս արտայայտուած ենք Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան գործունէութեան մէջ նկատուած թերութիւններուն մասին, յատկապէս՝ հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման փաթեթի նախապատրաստութեան, պատրաստութեան ու գործադրութեան ամբողջ գործընթացին մէջ:
Ղարաբաղի հարցով, մեր քննադատութիւնը գլխաւորաբար մատնանշած է նախարարութեան որդեգրած քարոզչական մարտավարութեան թերութիւնները:
Ատրպեճանական յարձակողական, մարտաշունչ ու նպատակասլաց ընդհանրապէս հակահայկական եւ մասնաւորապէս հակաղարաբաղեան քարոզչութեան դէմ կրաւորական դիրք բռնած Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը, կը թուի, թէ վերջապէս անդրադարձած է իր սխալին ու սկսած է շարժումի նշաններ ցոյց տալու:
Ալիեւ-Մամետեարով, իրենց քարոզչական վերջին կրակահերթով, այսպէս կոչուած «Մատրիտեան նորոգուած սկզբունքներու» մեկնակէտով՝ Լաչինի ու Քելբաջարի շրջանները յանձնելու հայկական «համաձայնութիւն» մը կը «բացայայտէին», եւ Ալմաթայի մէջ ակնկալուող Մամետեարով-Նալբանդեան հանդիպումէն շօշափելի քայլեր սպասելու հեքիաթներով կը լեցնէին մթնոլորտը:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան պատասխան քայլերը յոյս կը ներշնչեն, որ այլեւս քարոզչական կրաւորականութեան տարբերակը մէկդի դրուած է, եւ՝ ատրպեճանական նախաձեռնութիւններուն համարժէք դիմադրութիւն կազմակերպելու որոշում առնուած:
Դիմադրութեան եւ նոյնիսկ հակայարձակումի անցնող քայլ է, օրինակ, Հայաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Շաւարշ Քոչարեանի կրկնուող յայտարարութիւնը, թէ՝ Ղարաբաղեան հարցին գծով բանակցութիւններու ընթացքին հայկական կողմը կ՛արծարծէ հայկական գրաւուած տարածքներուն՝ Շահումեանի, Գետաշէնի ու Մարտակերտի, որոշ հատուած մը Ղարաբաղին վերադարձնելու հարցն ու պահանջքը:
Ալմաթայի մէջ հայկական կարեւոր զիջում մը կորզելու ատրպեճանական յոյսերը, վստահ ենք, որ յօդս ցնդեցան, երբ Նալբանդեան, Մամետեարովին տուած իր պատասխաններուն մէջ չբաւարարուելով ազերի իր պաշտօնակիցը ստախօս բնութագրելով՝ Շաւարշ Քոչարեանի պահանջատէր յայտարարութեան յղում կատարեց, անոր տալով ամբողջական օրինականութիւն:
Հայաստանի մամուլին մէջ «հայկական դիւանագիտական աղբիւներ»ու վկայակոչումով հրապարակուած նոյնօրինակ տեղեկագրութիւնները կ՛ընդգծեն քարոզչական նոր մարտավարութեան ուղղութիւնը, զոր ողջունելի կը գտնենք, եւ որուն նպաստելու մեր ամբողջական պատրաստակամութիւնը կը յայտարարենք: