Էջը Պատրաստեց՝ ՃՈՐՃ ԱՏՈՒՐԵԱՆ
«ՈՐՔԱ՛Ն ՏԱՐԻՔՍ ԱՌՆԵՄ, ԳՈՐԾԵՐՍ ԱՅՆՔԱ՛Ն ԱՆՀԱՒԱԿՆՈՏ ԿԸ ԴԱՌՆԱՆ: ՀԻՄԱ ԳՐԵԹԷ ԲՈԼՈՐՈՎԻՆ ԿԸ ՎՍՏԱՀԻՄ ԵՆԹԱԳԻՏԱԿՑՈՒԹԵԱՆՍ»

Արուեստագէտ Վահէ Պէրպէրեան նկարչութեան իր վերջին ցուցահանդէսը ունեցած էր երկու տարի առաջ: Շաբաթ, Յուլիս 24ին, երեկոյեան ժամը 6էն 10, 612 North Robertson, West Hollywood, CA. 90069 հասցէին գտնուող Chryssanthou Gallery-ին մէջ պիտի սկսի Վահէին նոր ցուցահանդէսը:
Այս Առթիւ, Ճորճ Ատուրեան Վահէ Պէրպէրեանի հետ ունեցաւ զրոյց մը, զոր կը ներկայացնենք ստորեւ:
ՃՈՐՃ ԱՏՈՒՐԵԱՆ.- Շուտով պիտի ունենաք ձեր նկարչական գործերու վերջին ցուցահանդէսը: Ինչո՞վ տարբեր է ա՛յս ցուցահանդէսը:
ՎԱՀԷ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ.- Ինծի համար նախ եւ առաջ իւրաքանչիւր ցուցահանդէս կեանքէս տարբեր ժամանակաշրջան մը եւ տարբեր իրավիճակ մը կը ներկայացնէ: Վերջին ցուցահանդէսս գրեթէ երկու տարի առաջ էր եւ վստահ եմ, որ երկու տարուան ընթացքին, ներաշխարհէս բաւական բան փոխուած է: Որքա՛ն տարիքս առնեմ, գործերս այնքա՛ն անհաւակնոտ կը դառնան: Հիմա գրեթէ բոլորովին կը վստահիմ ենթագիտակցութեանս եւ գոնէ ես համոզուած եմ, որ գործերս նուազ «տեքորաթիֆ» եւ աւելի անկեղծ դարձած են:
ՃՈՐՃ ԱՏՈՒՐԵԱՆ.- Ո՞ր ժամանակաշրջանի գործեր պիտի ներկայացուին այս ցուցահանդէսին: Յատուկ թեմայի շո՞ւրջ են անոնք, թէ իւրաքանչիւրը իր ուրոյն պատմութիւնն ու թեման ունի:
ՎԱՀԷ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ.- Ներկայացուելիք գործերս առավելաբար վերջին երկու տարուան ընթացքին արտադրած գործերս են, նաեւ՝ քանի մը այլ գործեր, որոնք նախապէս տեսնուած չեն: Ցուցահանդէսներս ընդհանրապէս յատուկ թեմա մը կամ պատմութիւն մը չունին, բայց ինչպէս քիչ առաջ կ՛ըսէի, վստահ եմ, որ իմ ներկայի հոգեկան վիճակս եւ անմիջական շրջապատս իրենց ուղղակի ազդեցութիւնը ունին պաստառներուս վրայ:
Ինչպէս միշտ, աշխատած ատեն մտիկ ըրած երաժշտութիւնս կարեւոր դեր կը կատարէ, ինչպէս նաեւ՝ կարդացած գիրքերս, քաղաքական իրադարձութիւնները եւ շրջապատիս հետ ունեցած յարաբերութիւններս: Ատկէ բացի, այս վերջին շրջանին շատ աւելի մօտիկ կը զգամ բնութեան հետ ու ամէն առաւօտ ինծի համար ծէսի պէս բան մը եղած է պարտիզպանութիւն ընելն ու սկիւռներուն եւ թռչուններուն հետ զբաղիլը: Կեանքս այնքա՛ն բարդ է եւ այնքա՛ն խճողուած, որ նկարչութիւնը առիթ կու տայ ձեւով մը պարզեցնելու եւ ամէնէն նախնական հաճոյքներուն երթալու:
ՃՈՐՃ ԱՏՈՒՐԵԱՆ.- Վահէ Պէրպէրեանը՝ իբրեւ արուեստագէտ, ի՞նչ հանգրուանի մէջ կը գտնուի այսօր. ներքին յեղաշրջում մը կը զգացուի՞, թէ շարունակութիւն եւ առաւել հասունացում կ՛ապրի ան:
ՎԱՀԷ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ.- Ինծի համար այս հարցումը բաւական խրթին հարցում է, նկատի առնելով, որ արուեստի տարբեր բնագաւառներու մէջ եմ: Յոյս ունիմ, որ իբրեւ մարդ եթէ հասունացում մը կ՛ապրիմ, այն ատեն իբրեւ արուեստագէտ ալ կը հասունանամ: Ինչպէս քիչ առաջ կ՛ըսէի, ինծի համար այդ հասունութիւնը տեղի կ՛ունենայ, երբ այնքան մը ինքնավստահ կը դառնաս, որ այլեւս մէկը տպաւորելու կարիքը չեմ զգար: Այդ ինքնավստահութիւնը շատ կարեւոր է. առանց ատոր ամբարտաւան կը դառնաս եւ անիմաստ լրջութեան մը զոհ կ՛երթաս:
ՃՈՐՃ ԱՏՈՒՐԵԱՆ.- Խօսեցէք մեզի ցուցահանդէսին մասին. քանի՞ նկարներ, ո՞ւր եւ ե՞րբ տեղի պիտի ունենայ անիկա:

ՎԱՀԷ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ.- Տակաւին յստակ չէ, թէ ճիշդ քանի գործ պիտի ներկայացնենք, բայց ցուցասրահը բաւական ընդարձակ է եւ այս անգամ ներկայացուելիք գործերէս քանի մը հատը շատ մեծ են: Սկսած եմ անդրադառնալու, որ հետզհետէ աւելի դժուարութիւն կ՛ունենամ փոքր չափի պաստառներու վրայ աշխատելու:
Ցուցահանդէսը տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, Յուլիս 24ի երեկոյեան ժամը 6էն 10, Chryssanthou Gallery-ի մէջ: Հասցէ՝ 612 North Robertson, West Hollywood, Ca. 90069: Ցուցահանդէսը բաց պիտի մնայ ամբողջ մէկ ամիս:
ՃՈՐՃ ԱՏՈՒՐԵԱՆ.- Գիտեմ, որ վերջերս Պուենոս Այրեսէն վերադարձաք եւ դարձեալ ճամբորդելու ծրագիրներ կան: Ի՞նչ կը սպասէ ձեզի յառաջիկայ քանի մը ամիսներուն:
ՎԱՀԷ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ.- Ցուցահանդէսէն անմիջապէս ետք դարձեալ պիտի ճամբորդեմ, այս անգամ՝ առաջին անգամ ըլլալով Պոլսոյ մէջ, ապա Քեսապի մէջ ներկայացումներ տալու համար. այնուհետեւ, այնպէս կ՛երեւի, որ Թուրքիա պէտք է վերադառնամ՝ ֆիլմի մը վրայ աշխատելու համար: Այս բոլորէն անդին, միաժամանակ կ՛աշխատիմ թէ՛ թատերախաղի մը եւ թէ ֆիլմի մը սենարին (բեմագրութեան) վրայ: Միայն կը յուսամ, որ այս բոլոր ճամբորդութիւններէս ետք, քիչ մը հանգիստ ընելու առիթ ունենամ: