ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ
Ո՞վ Ինչպէ՞ս Կը Դատէ
ԳՐԻԳՈՐ Ծ. ՎՐԴ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Աշխարհի վրայ կատարուող դատաստաններուն ինչպէ՞ս ըլլալուն մասին, գրեթէ ամէն մարդ որոշ չափով վերապահութիւն ունի: Սա ո՛չ միայն պաշտօնական դատարաններուն արդիւնքին վերաբերող վերապահութիւն է, այլ նաեւ սովորական կեանքի մէջ, տուեալ երեւոյթի դիմաց կանգնած դատում կատարող մարդոց արարքին ի տես արտայայտուող վերապահութիւն է, զոր կը ցուցաբերեն մարդիկ: Նոյնիսկ ամէնուն կողմէ իր արդարամտութեամբ ու անկողմնակալութեամբ ճանչցուած մէկը, երբ իր վճիռը տայ այս կամ այն հարցին գծով, միշտ ալ պիտի գտնուին անձեր, որոնք անոր կատարած դատաստանը թերի պիտի նկատեն, որովհետեւ մէկուն համար ճիշդ համարուողը, միւսին համար սխալ կը համարուի, եւ՝ փոխադարձաբար:
Լսողութեան զգայարանքը մարդուն տրուած է յատուկ նպատակով՝ աշխարհի մէջ զայն ներկայութիւն դարձնելու, եւ շրջապատին հետ հաղորդակցութեան մէջ դնելու: Սակայն ականջները միայն բիւրեղ ձայներ չեն լսեր: Աշխարհը աղմուկով լեցուն եղած է միշտ, թերեւս իր ստեղծման օրէն, եւ մարդը յաճախ գտնուած է իր լսած աղմուկին մէջէն գեղեցիկ ձայները զատորոշելու ընտրանքին դիմաց:
Աշխարհի աղմուկը բնութենէն չի՛ գար, դժբախտաբար: Բնութեան «աղմուկ»ը, բնակա՛ն աղմուկ է, անոր քաղցրագոյն տեսակներն են՝ ծառերուն սօսափիւնը, առուակներուն գլգլոցը, նոյնիսկ չորցած տերեւներուն խշխշոցը քամի «աւել»ին դիմաց, գեղաձայն թռչուններուն դայլայլը ծառերու ոստերուն վրայ, եւ այլ հաճելի ձայներ: Իսկ անոր վատ տեսակները կը համարուին ամպագոռգոռ որոտումները, ահեղավազ գետերու հռնդիւնը, բարձրացող ալիքներուն ուժգին պայթիւնները ծովերու մէջ, եւ յոռեգոյն պարագային՝ երկրաշարժի ընթացքին լսուող խուլ դղրդիւնը:
Բնութեան աղմուկի լաւ թէ վատ տեսակները ընդունելի են եւ անոնց դիմաց մարդկային ոյժը անզօր կը մնայ: Նոյնիսկ հասարակ ճնճղուկին կտուցը կապելու յանդգնութիւնը կը պակսի մարդուն, երբ կը լսէ դրախտային ճռուողիւնը անոր, որ հոգին կը լիացնէ ու բնութեան հանդէպ մարդուն սէրը կը բազմապատկէ: Իսկ ի՞նչ կրնայ ընել մարդ, երբ երկրի ընդերքէն լսուող երկրաշարժին ձայնը առնէ, բացի վախնալէ, ու շփոթի մատնուելով՝ փախչելու անգամ երկմտելէ: Աշխարհի իսկական աղմուկը, որ կը պղծէ մարդու լսողական զգայարանքը՝ մարդո՛ց ձայնէն յառաջ կու գայ:
Իցի՜ւ թէ մարդը միայն թռչուններուն նման դայլայլէր, կամ նոյնիսկ գազաններուն նման միայն մռլտար կամ մռնջէր: Անոր լեզուն է աղմկարարը, որ սովորական ձայներ հանելէ բացի, կրնայ նաեւ վիրաւորել իր նմանը ամէնէն ծանր հարուածներով: Տեսնուած են նոյնիսկ հոգեւոր անունին տակ պահուըտած, իրենց եղբայրը ամբաստանող անձեր, որոնք ուրիշ հոգեւորներու հոգեւորութիւնը խաթարելու գնով, սեւ մուրով ներծծուած զոպայի մշտիկ տուած են անոնց ձեռքին՝ անխնայ քսելու համար զայն իրենց եղբօր «դէմք»ին՝ անոր վարկին, համբաւին ու արժանապատուութեան:
Մարդու բնախօսութեան մէջ, Աստուծոյ կողմէ անոր գանկի երկու խոռոչներէն ներս զետեղուած են նաեւ երկու գունդեր՝ իբրեւ անոր տեսողական զգայարանքը: Աչքերուն տուած վկայութիւնը միշտ աւելի նախապատիւ համարուած է, քան ականջներունը: Թէեւ ժողովրդային լեզուի մէջ երկու ըսելաձեւերն ալ գոյութիւն ունին՝ «ականջներովս լսեցի» եւ «աչքերովս տեսայ», սակայն միշտ երկրորդը աւելի վաւերական ըլլալու հանգամանքը ունի, քան՝ առաջինը: Ականջին լսածը կրնայ նաեւ խաբուսիկ ըլլալ: Անիկա կրնայ նմանութեան գոյնին ետին գտնուող շփոթ ըլլալ: Սակայն, ըստ այլ ըսելաձեւի մը՝ «աչքը չի՛ խաբեր»: Եթէ տուեալ դէպքի վայրին մէջ կար բաւարար լոյս, որով կարելի եղած է յստակօրէն տեսնել արարքը, ուրեմն աչքին տեսածը կարելի է իբրեւ ստոյգ փաստ ներկայացնել: Աչքով տեսնուածին մասին վկայելը շատ աւելի դիւրին է ու ինքնավստահութիւն կու տայ վկայողին: Մինչ, ականջով լսողը նուազ ինքնավստահութիւն կ՛ունենայ իր լսածին մասին վկայութիւն տալու: Այս պարագային, երբ մանաւանդ յստակ չէ լսած այն ինչի մասին, զոր պիտի վկայէ, ենթական կը տատամսի որոշ ժամանակ՝ մտածելով, թէ արդար պիտի ըլլա՞յ վկայութիւն տալ, երբ լսուած ձայնը անորոշութիւններ ունի իրեն մէջ, եւ կարելի չէ ստուգապէս հաստատել, թէ որու ձայնն է:
Կեանքը մեզի կը ներկայացնէ նաեւ երկու խումբի «դատաւորներ»: Առաջին խումբի դատաւորները անոնք են, որոնք իրենց լսածով կը դատեն, իսկ երկրորդ խումբի դատաւորները՝ իրենց տեսածով: Առաջիններուն որքան ալ փորձես համոզել ըսելով, թէ՝ պէտք է աչքով տեսած ըլլալ՝ հաստատելու համար դէպքը, անոնք չեն ուզեր համոզուիլ, եւ իրենց լսածը դրօշակի վերածած՝ փողոց կ՛իջնեն, զայն ամէնուն սեփականութիւնը դարձնելու մտադրութեամբ: «Ականջներովս լսեցի» խօսքը, այսպիսի «դատաւորներու» համար, «աչքերով տեսած» ըլլալէն աւելի զօրաւոր զէնք մըն է, որուն ուժով, ամբողջ պատերազմ մղելու պատրաստակամութիւն կը ցուցաբերեն իրենց հակառակորդներուն: Իրենց լսածով դատող այս «դատաւորները», ընկերային կեանքի մէջ կը կոչուին… ապուշներ:
Իմաստուն կը կոչուին այն «դատաւորները», որոնք իրենց տեսածով կը դատեն: Բնականաբար, այստեղ խօսքը ատեաններու մէջ գործող իսկական դատաւորներու մասին չէ՛, որոնք երդուեալ վկաներու օժանդակութեամբ արդարութիւնը կը փնտռեն ու կը հաստատեն իրենց հեղինակաւոր վճիռով:
Ընկերային սովորական կեանքին մէջ, մեր իւրաքանչիւր շարժումը, արարքը թէ խօսքը կը գտնուին այս երկու խումբի «դատաւորներու» ատեանին դիմաց: Մեր մասին լսած անձեր եւ մեզ տեսած ու ճանչցած անձինք, իրենք իրենց համահաւասար իրաւունքը կու տան մեզ դատելու: Մխիթարուած պիտի զգայինք՝ իրենց տեսողական զգայարանքը օգտագործած «դատաւորներու» տուած վճիռները լսելով, գէթ համոզուելու համար, որ ճշմարտութեան մօտաւոր վճիռներ կրնան ըլլալ անոնք: Մինչ, իսկապէս պիտի ցաւինք իրենց լսողական զգայարանքով դատող «դատաւորներու» տուած վճիռին համար. անոնք պարզապէս յաւելեալ կնիք պիտի դնեն իրենց անձին ապուշութեան ու դատարակապորտ մտածողութեան:
Իմաստունները իրենց տեսածով կը դատեն, իսկ ապուշները՝ իրենց լսածով: Այսպիսի յստակատեսութեան պէտք ունի մարդկային ընկերութիւնը, որպէսզի կարենայ արդարութեան հետամուտ ըլլալ: Երկու այս խումբերուն միջեւ պէտք է յստակ գիծ քաշել, իրարմէ զանազանել զանոնք՝ մէկուն տալով իրեն յատուկ արժանապատիւ տեղ, իսկ միւսը դնելով յիմարներու դասին մէջ: Խումբ, որուն խօսած խօսքը երկարականջ ծանօթ անասունին հանած տհաճ ձայնին համազօր պէտք է նկատել, առանց կարեւորութիւն ընծայելու անոր «վկայութեան», որքա՛ն ալ պարկեշտութեան համբաւ վաստկած անձ ըլլայ ան:
Իմաստուններու դատաստանին կարօտ է մարդկային ընկերութիւնը: Մարդիկ յոգնած են այդ ապուշներու դատաստաններէն, որոնք «ըսի-ըսաւ»ներու անվերջանալի շարքին ջրաղացը կը դարձնեն: Յարգե՛նք իմաստուններուն դատաստանը: