ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թրքական մամուլը Ուրբաթ, Յուլիս 16ին լայնօրէն արձագանգեց վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի ու ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան Քեմալ Քըլըճտարօղլուի միջեւ մէկ օր առաջ կայացած հանդիպման, որուն գլխաւոր առանցքը կազմեց ահաբեկչութեան դէմ պայքարը: Քըլըճտարօղլու խոստացաւ զօրակցիլ կառավարութեան ու պահանջներ ներկայացուց վարչապետին։ Առաջին գիծի վրայ կու գար ընտրութիւններու մէջ նուազագոյն քուէի խոչընդոտը զեղչելու հարցը։ Մօտաւորապէս մէկուկէս ժամուան հանդիպման ընթացքին, Քըլըճտարօղլու նաեւ ուզեց, որ արեւելեան ու հարաւային նահանգներու մէջ գործի աւելի լայն կարելիութիւններ ստեղծուին, եւ պահանջեց, որ ականներէ մաքրագործուած հողամասերը յանձնուին հողագործ գիւղացիներուն, որպէսզի թափ տրուի հողագործութեան։
Վարչապետը յայտնեց, թէ իր կառավարութիւնը առայժմ կողմնակից չէ ընտրութեանց մէջ նուազագոյն քուէի համեմատութիւնը զեղչելու։
Հետաքրքրական նկատուեցաւ, որ Քըլըճտարօղլու, հակառակ նախապէս իր ըսածին, հրաժարեցաւ օրակարգի բերելէ նախկին կուսակցապետ Տենիզ Պայքալի գայթակղութեան հարցը։
Քըլըճտարօղլու, որ իր առօրեայ ելոյթներուն մէջ ծանր արտայայտութիւններով կը քննադատէր վարչապետը, հանդիպումէն ետք լրագրողներու հետ խօսելու ընթացքին ճիշդ 26 անգամ գործածած է շատ քաղաքավար ոճով «մեծայարգ վարչապետը» ասոյթը:
Յայտնենք, թէ ան քանի մը օր առաջ խստօրէն քննադատած էր արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլուն, Իսրայէլի կողմէ թրքական նաւուն վրայ գործուած յարձակումին քննարկման ընթացքին: «Պոռացին, կանչեցին, պահանջատիրութիւն ձեւացուցին. ի՞նչ եղաւ արդիւնքը: Միայն կրցան հպարտանալ, որ մեռելները կրցան բերել, այդ ալ եղաւ Ամերիկայի միջամտութեան շնորհիւ», ըսաւ Քըլըճտարօղլու:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.