ԳԷՈՐԳ ՄԱՆՈՅԵԱՆ
«Լոս Անճելըս Թայմզ» օրաթերթի Երեքշաբթի, Յուլիս 20 թիւի խմբագրական-կարծիքներ բաժինին մէջ լոյս տեսած յօդուածով մը, «Քարնըկի» հիմնարկի այցելու ուսումնասիրող եւ «Լիհայ» համալսարանի միջազգային յարաբերութեանց դասախօս Հենրի Պարքի քննած է Եւրոպական Միութեան անդամ դառնալու Թուրքիոյ ձախող փորձերուն մասին՝ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի եւ պաշտպանութեան նախարար Ռապըրթ Կէյցի կողմէ վերջերս կատարուած այն յայտարարութիւնները, թէ՝ Եւրոպայի կարգ մը երկիրներուն ցուցաբերած վերապահութեան հետեւանքով, Թուրքիա սկսած է Արեւմուտքէն հեռանալու:
Յօդուածագիրը սխալ կը համարէ այս մօտեցումը եւ կը շեշտէ, թէ նոյնիսկ եթէ Եւրոմիութիւնը աւելի բարեացակամ մօտեցում ցուցաբերէր, Թուրքիա իր ներկայ քաղաքական ուղեգիծը պիտի որդեգրէր, որովհետեւ սկսած է հաւատալու այն չափազանցուած կարծիքին, թէ Թուրքիա յոյժ կարեւոր դերակատարութիւն ունի միջազգային քաղաքական կեանքին մէջ: Նաեւ, Պարքի կը շեշտէ, թէ տնտեսական շահերը նկատի ունենալով՝ Թուրքիա արդէն իսկ սկսած էր սերտացնելու Իրանի եւ արեւելեան այլ երկիրներու հետ իր յարաբերութիւնները, եւ թէ Եւրոմիութեան դիրքորոշումը ոչ մէկ ազդեցութիւն պիտի ունենար այս կէտին վրայ:
Ըստ յօդուածագիրին, Եւրոմիութեան անդամակցելու ճամբուն վրայ Թուրքիոյ դէմ կանգնող գլխաւոր խոչընդոտներն են՝ քրտական տագնապը, հիւսիսային Կիպրոսի բռնագրաւումը եւ մարդկային իրաւանց ոտնակոխումներ արտօնող սահմանադրութիւնը, որ արդիւնք է զինուորական պետական հարուածի մը:
Գրելէ ետք, թէ «առնուազն 20 տարի հարկաւոր է» Թուրքիան Եւրոմիութեան լիիրաւ անդամ դարձնելու գործընթացը յաջողութեամբ պսակելու համար, ան կոչ կ՛ընէ ամերիկեան իշխանութեանց, որ Եւրոպան քննադատելու փոխարէն, սկսի Եւրոմիութեան հետ գործակցելու, որպէսզի կարելի ըլլայ աւելի ազդու եւ յատկանշական ճնշումներ բանեցնել Անգարայի վրայ՝ զայն մղելով իսկական բարեկարգումներու, որովհետեւ միայն այդ միջոցաւ կարելի պիտի ըլլայ Թուրքիան Եւրոմիութեան լիիրաւ անդամ դարձնելը:
Այսինքն, Պարքի հասած է այն եզրակացութեան, որ Թուրքիան Եւրոմիութենէն հեռու կը մնայ ոչ թէ Պրիւքսելի որդեգրած քաղաքականութեան պատճառով, այլ որովհետեւ Թուրքիոյ իշխանութիւններն ու ժողովուրդը բաւարար կամք չունին երկիրը Եւրոմիութեան չափանիշներուն բարձրացնելու: