ՄՈՎՍԷՍ ԾԻՐԱՆԻ
Ի վերջոյ ազգային ազատագրական կռիւները ուրոյն մշակոյթ մը փրկելու եւ անոր գոյատեւումը ապահովելու պայքարի ծիրին մէջ կը մտնեն։ Նոր տարածքներ նուաճելու եւ այդ տարածքներուն վրայ իրենց իշխանութիւնը ամրապնդելու մարմաջէ տարուած տէրութիւնները ջանք չեն խնայեր սեփական մշակոյթը պարտադրելու իրենց ենթակայ ազգերու։ Իսկ եթէ պատահի, որ իշխող ժողովուրդները մշակութային թոյլ դիրքի վրայ գտնուին, չեն վարանիր իրենց ենթակայ ազգերու մշակոյթները իւրացնելու եւ իբրեւ իրենցը ներկայացնելու։
Ի վերջոյ ընչաքաղցութեան հետեւանքով դիզուած հարստութիւնները եւս (թէկուզ անուղղակի) իրենց հերթին կը ծառայեն ազգային մշակոյթի զարգացման ու տարածման, որովհետեւ այդ դրամով կառուցուած պալատները, տաճարներն ու այլ շէնքեր ապագային կը վերածուին արուեստի կեդրոններու։
Ինչո՞ւ այս բոլորը…
Որովհետեւ ի վերջոյ «աղքատ մշակոյթ է», ինչպէս կը պնդէ մեր մեծագոյն մտածողներէն մէկը՝ Յովհաննէս Քաջազնունի։
Ի վերջոյ ազգ մը կ՛արժեւորուի, կը գնահատուի ու ժամանակի մաշումին կը դիմանայ միշտ ու միշտ իր մշակոյթով՝ բառին ամենալայն ու ամբողջական հասկացողութեամբ։
Այսօր երկիրը քաղաքական, տնտեսական, ընկերային ու նաեւ կրօնական եռեւեփումներու մէջ է, ու երկինքը՝ թէժ։ Վերջ ի վերջոյ այդ թոհուբոհին հիմերը մշակութային են, մշակոյթ պատրաստելու, մշակոյթ փրկելու եւ կամ մշակոյթ մը ապրեցնելու համար է, որ մարդկութիւնը կը պայքարի. կը պայքարի ոգի ի բռին ու բազմակողմանիօրէն։
Ի վերջոյ մարդկութեան ոգեղէն արժէքը կը դրսեւորուի ու կը կայանայ արուեստի մէջ, որուն դիմաց անտարբեր չեն կրնար մնալ ամենաբարձր հեղինակութիւններն իսկ՝ ըլլան անոնք քաղաքական թէ կրօնական առաջնորդներ։
Ի վերջոյ որակաւոր մշակոյթը մեծ եւ կենսական դեր կրնայ կատարել ազգի մը կամ ժողովուրդի մը տնտեսական, ընկերային, քաղաքական թէ կրօնական բնագաւառներէն ներս։
Սկսեալ նախնադարէն մինչեւ մեր օրերը այս գիտակցութիւնը ունեցած են (առաւել կամ նուազ չափով) երկրագունդի բոլոր տեսակի ղեկավարները եւ միշտ ջանացած են մշակոյթը, նեղ հասկացողութեամբ արուեստը, ծառայեցնել իրենց թէ՛ դրական եւ թէ՛ ժխտական նպատակներուն համար։
Ֆրանսացիները առաջինն էին որ ԺԹ. տարուն կրցան ունենալ մշակութային քաղաքականութիւն, ու Փարիզը վերածեցին աշխարհի արուեստի կեդրոնի՝ յայտարարելով զայն «Լոյսի քաղաք»։ Ամերիկացիները շուտով անդրադարձան, թէ Փարիզի «Լոյսի քաղաք» ըլլալու իրողութիւնը մեծապէս կը նպաստէ Ֆրանսայի տնտեսութեան զարգացման ու ֆրանսական քաղաքականութեան հզօրացման։ Անմիջապէս անոնք մշակեցին մշակութային յատուկ քաղաքականութիւն, եւ ծրագրուած ձեւով աշխարհի ստեղծագործական ուժը (ըլլայ գիտութեան թէ արուեստի) հոսեցուցին դէպի Միացեալ Նահանգներ։ Իբրեւ արդիւնք անոնց կազմակերպուած մշակութային քաղաքականութեան՝ այսօր Նիւ Եորքը ո՛չ միայն մրցակից է Փարիզի, այլեւ կարգ մը պարագաներու նոյնիսկ առաջնորդի դեր կը կատարէ երկրագունդի մշակութային կեանքէն ներս։
Այսօր Եւրոպայի գրեթէ բոլոր պետութիւնները թափանցած են արեւելեան եւ ծայրագոյն արեւելեան երկիրներ ու անոնց ստեղծագործ մտքի կարեւոր մէկ տոկոսը կ՛ապրի եւ կը ստեղծագործէ Արեւմուտքին մէջ եւ լաւագոյն պայմաններու մէջ։
Այսօր աշխարհի քիչ թէ շատ զարգացած գրեթէ բոլոր պետութիւնները ճիգ չեն խնայեր իրենց արուեստները (երբեմն իրենց չունեցած կամ փոխառեալ մշակոյթը) արժեւորելու եւ աշխարհի մէջ տարածելու, որովհետեւ անոնք գիտեն, թէ քաղաքականութիւնն ու արուեստը ոչ միշտ իրար չեն հակասեր ու խաչաձեւեր, այլ նաեւ, հակադրամիասնական (տիալեքթիքական) կապով զիրար կ՛ամբողջացնեն ու կ՛արժեւորեն։
Ի վերջոյ պատմութիւնը ցոյց տուած է, թէ բոլոր քաղաքական հոսանքները, բոլոր գաղափարախօսութիւններն ու վարդապետութիւնները գնայուն են, մնայունը անոնց ստեղծած մշակոյթն է, որ ժամանակը կ՚արժեւորէ կամ կը թերագնահատէ։
Իսկ,
Այս բոլորը իմանալով հանդերձ, ո՞ւր է մեր տեղն ու դերը, ի՞նչ կ՛ընենք մենք, ի՞նչ կեցուածք ունինք մեր մշակոյթին հանդէպ, ունի՞նք մշակութային ծրագրուած քաղաքականութիւն, թէ ամէն ինչ ենթակայ է տարբեր կողմերէ փչած հովերու քմայքին։
Խնդիրը այն է, որ ասով մտահոգուած ալ չենք ո՛չ պետականօրէն եւ ո՛չ ալ ազգովին։ Նոյնիսկ քննարկման չէ արժանացած այս հարցը, այլ լքուած է ու անտեսուած։
Հակառակ անոր որ ունինք բարձրորակ մշակոյթ, հակառակ անոր որ զայն արտաքին աշխարհին ներկայացնելու առիթներ չեն պակսիր մեզի, սակայն տակաւին մեր մշակոյթը իր արժանի դերն ու տեղը չէ գտած յատկապէս արուեստի շուկաներէն ներս։
Օրինակի համար, տարիներ առաջ մենք տօնեցինք Արամ Խաչատրեանի ծննդեան 100ամեակը եւ իբր թէ միջազգայնօրէն։ Սակայն չօգտուեցանք անկէ ո՛չ քաղաքականօրէն եւ ո՛չ ալ տնտեսապէս։ «Ուրիշներ» Խաչատրեանէն նուազ արժէքի տէր արուեստագէտներու ամեակները ոչ միայն կ՛օգտագործեն, այլեւ կը չարաշահեն տնտեսապէս ու կը յաջողին։ Կը յաջողին, որովհետեւ անոնք կազմակերպուած են եւ ունին ծրագրուած, ուսումնասիրուած մշակութային քաղաքականութիւն։
Մե՛նք չունինք, սակայն չի նշանակեր, որ չենք կրնար ունենալ…
Հարկ է, որ ունենանք, որովհետեւ այսօր աւելի քան երբեք պէտք ունինք մշակութային ծրագրուած քաղաքականութեան, որպէսզի ի սպաս դնենք զայն մեր քաղաքական պայքարի գործընթացին։
Փաստերը ցոյց տուած են, որ երբեմն անհատ արուեստագէտներ իրենց ստեղծագործութիւններով շատ աւելի նպաստած են հայկական հարցի քարոզչական արշաւին, քան մեր միութիւններն ու կուսակցութիւնները՝ առանց նուաստացնելու անոնց կատարած շինիչ ու օգտաշատ դերը այս ուղղութեամբ։
Փարաջանովի «Նռան գոյնը» ժապաւէնը, Արշիլ Կորքիի տարիներ առաջ Նիւ Եորքի մէջ Ապրիլ 24ի առիթով կազմակերպուած յետահայեաց ցուցահանդէսը, Ատոմ Էկոյեանի «Արարատ» ժապաւէնը, Եուրոզի ՄԱԿի համար պատրաստած «Մեծարանք գաղթականներուն» եւ «Մարդկային իրաւունքներ» մեծղի կտաւները, Կիւվտերի, Տէնիզ Ալթը (Ծովակ) երեւոյթը, Ժանսեմի, Փոլ Կիրակոսեանի, Երուանդ Տեմիրճեանի, Տիգրան Փոլատի, Խորէն Տէր Յարութիւնեանի եւ այլոց Եղեռնին նուիրուած շարքերը մէկ մասն են միայն։
Մեր գործին բերումով, փորձառաբար կրնանք հաստատել, որ մեր օրուան կերպարուեստը, ըլլայ հայրենի թէ սփիւռքի մէջ, իր որակով չի զիջիր միջազգայնօրէն ընդունուած չափանիշներուն։ Սակայն որովհետեւ ամէն ինչ ձգուած է պատահականութեան եւ չունինք համակարգուած ու մշակուած արուեստի քաղաքականութիւն, հայ կերպարուեստը այսօր միջազգային շուկաներու մէջ չի գնահատուիր ըստ արժանւոյն ու որակի։ Այս բոլորին վրայ կարելի է աւելցնել նաեւ անտարբերութիւնը այն մեծահարուստ հայերուն, որոնք միլիոններ կը յատկացնեն Ռենուար մը եւ կամ Փիքասօ մը գնելու, սակայն տասնեակ հազարներ չեն վճարեր Սարեան մը եւ կամ Մինաս մը ձեռք բերելու համար։ Միւս կողմէ, սակայն, բարեբախտութիւն է, որ ըլլայ սփիւռքի թէ հայրենիքի մէջ կան բազմաթիւ հաւաքորդներ, որոնք իրենց քսակները լայն կը բանան՝ իրենց նախընտրած արուեստագէտներու ստեղծագործութիւնները հաւաքելու համար։
Բոլոր պարագաներուն, պէտք չէ բաւարարուիլ անհատներու գործունէութեամբ ու խանդավառուիլ անոնց յաջողութիւններով, այլ հարկ է պետականօրէն եւ մասնագէտներու միջոցով ունենալ մեր ազգային մշակութային քաղաքականութիւնը, որպէսզի մեր մշակութային արժէքները թէ՛ գնահատուին եւ թէ՛ ծառայեն մեր եռեւեփող քաղաքական կեանքին։
ՄՈՎՍԷՍ ԾԻՐԱՆԻ (Մովսէս Հերկէլեան, արուեստի մասնագէտ է եւ ունի իր անձնական ցուցասրահը՝ Պէյրութի մէջ):