ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան կազմած կառավարութեան կողմէ փոքրամասնութիւններու նկատմամբ ցուցաբերուած բարեացակամութեան նոր տեսարան մը պարզուեցաւ Երկուշաբթի, Յուլիս 19ին, թէ՛ Ս. Փրկիչ ազգային հիւանդանոցէն եւ թէ պատրիարքարանէն ներս։ Այս անգամ մեզի նկատմամբ ուշադրութիւն կը ցուցաբերուէր վարչապետի փոխանորդ ու պետական նախարար Պիւլենտ Արընչի կողմէ։ Ան Ս. Փրկիչ ազգային հիւանդանոցի մուտքին դիմաւորուեցաւ Հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի ու միւս հոգաբարձուներուն ու գործակիցներուն կողմէ, ապա առաջնորդուեցաւ ժողովատեղի եւ պատասխանատուներէն տեղեկութիւններ ստացաւ հիւանդանոցի գործունէութեան մասին։ Ի յիշատակ այս այցելութեան, Արընչի նուիրուեցան հիւանդանոցի զոյգ Յուշամատեաններն ու արծաթեայ յուշապնակ մը։
Ապա հիւրը նախ այցելեց հիւանդանոցին թանգարանը ու հետաքրքրութեամբ քննարկեց այդտեղ ցուցադրուած պատմական իրերը։ Ապա Հոգաբարձուներու ուղեկցութեամբ մտաւ դարմանատուն ու մէկ ծայրէն մինչեւ միւս ծայրը քալեց՝ ուշադրութեամբ դիտելով շուրջբոլորը։ Այդտեղ սպասող հիւանդները ժպտուն դէմքով կ՛ողջունէին Արընչը՝ անմիջապէս ճանչնալով զինքը։ Արընչ խորապէս տպաւորուեցաւ իր տեսածներով, մանաւանդ հոն նստող ու զինք ողջունող մարդոց ժպիտներով։ Ան կ՛ըսէր, որ այսքան մաքուր ու ներկայանալի հիւանդանոց չէր տեսած մինչեւ այսօր։ Հոգեբուժական մասնաբաժինին մէջ իր տեսածները խորապէս տպաւորեցին զինք եւ ան անգամ մը եւս իր հիացումը արտայայտեց տիրող արտակարգ մաքրութեան, բժշկական նորագոյն սարքերուն ու բժշկական կատարեալ սպասարկութեան համար եւ ըսաւ, որ ամբողջ երկրի տարածքին մատներու վրայ կարելի է համրել այսպիսի առաջնակարգ առողջապահական հաստատութիւնները։ Արընչ առիթը ունեցաւ տեսնելու նաեւ բուժման քանի մը արդիական սենեակներ ու խօսեցաւ հիւանդներու հետ։
Մէկ ժամ ետք ան անցաւ պատրիարքարան՝ դիմաւորուելով պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Արամ սրբազանին ու միաբան հայրերուն կողմէ։ Արամ սրբազան այս առիթով հրաւիրած էր նաեւ համայնքային մարմիններու գլխաւոր ներկայացուցիչներ։
«Արամ սրբազանը, ինչ մեղք, որ առաջին լուսանկարներէն ետք դուրս ելլելու հրաւիրեց մեր մամուլը, հակառակ, որ ներսը մնալ շարունակեց համայնքային ներկայացուցիչներու բազմութիւն մը։ Ասիկա անշուշտ մերիններուն «ճարպիկ» կարգադրութիւնն էր, այլ ոչ թէ պետական շրջանակներէ պահանջուած միջոցառում։ Մենք կը հաւատանք, որ մեր մամուլը այն չէ, որ պիտի հրաւիրուի միայն լուսանկար մը քաշելու համար, յետոյ դուրս պիտի հանուի։ Ուստի չենք գիտեր, թէ ներսը ինչե՜ր խօսուեցան։ Այս պատճառաւ ալ, ստորեւ կը բաւականանանք հրատարակելով այս մասին պատրիարքարանէն ստացուած հաղորդագրութիւն մը», կը գրէ «Մարմարա»։
Վերոյիշեալ հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, թէ հանդիպման ընթացքին Արամ սրբազան ընդգծած է կառավարութեան ցուցաբերած բարեացակամութիւնը՝ համայնքային հարցերու լուծման հետ առնչուած, եւ առ այդ շնորհակալութիւն յայտնած է նախարարին: Ան նաեւ անդրադարձած է Ս. Խաչ դպրեվանքի անլոյծ հարցին, որուն մասին թղթածրար մը ներկայացուցած է վարժարանի տնօրէն Հայկ Նշան։
«Նախարար Արընչ շնորհակալութիւն յայտնեց ընծայուած ջերմ ընդունելութեան համար եւ ըսաւ, թէ փափաքած էր նորին սրբազնութիւնը շնորհաւորել՝ պատրիարքարան անձամբ այցելելով։ Ան յաջողութիւն մաղթեց նաեւ սրբազան հօր իր ընտրուած նոր պաշտօնին մէջ։ Անդրադարձաւ նաեւ Ս. Փրկիչ ազգային հիւանդանոցին մէջ տիրող մաքրութեան, կանոնաւորութեան ու ընծայուած սպասարկութեան որակին։ Գնահատեց վարիչներն ու պատասխանատուները եւ շեշտեց, թէ համայնքը պէտք է մեծապէս հպարտ զգայ այս հաստատութեամբ։ Ան մի առ մի հետաքրքրուեցաւ համայնքի վարչային դրութեամբ եւ տեղեկութիւններ քաղեց կրթական հաստատութեանց ու եկեղեցիներու մասին», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Հանդիպման աւարտին, սրբազան հայրը նախարարին նուիրած է Կարօ Քիւրքմանի հեղինակած օսմանեան շրջանի հայ նկարիչներու մասին լայնածաւալ աշխատասիրութիւնը։ Նախարարը հետաքրքրուած է նաեւ ընդունելութեան սրահին մէջ գտնուող Կեսարիոյ Էֆքերէ գիւղի Ս. Կարապետ վանքի սատափեայ պատմական դուռով:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.