ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, որ Հինգշաբթի, Յուլիս 22ին, Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբը պիտի սկսկի քննելու ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի ամերիկացի նախկին համանախագահ Մեթիու Պրայզան Ատրպէյճանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան նշանակելու մասին՝ նախագահ Պարաք Օպամայի որոշումը վաւերացնելու հարցը։
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը արդէն իսկ Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի անդամներուն ներկայացուցած է Պրայզայի նշանակելու առաջարկին նկատմամբ իր մտահոգութիւնները՝ բացատրելով, որ Պրայզայի կինը՝ ազգութեամբ թուրք Զէյնօ Պարան, կը պաշտօնավարէ «Հատսըն» հիմնարկին մէջ, որ կը հովանաւորուի օտարերկրեայ երկրիրներու եւ ընկերութեանց կողմէ, որոնց շարքին են ուժանիւթի ընկերութիւնները։ Պրայզայի դիւանագիտական ուղեգիծին մէջ առանձնացուած է յատկապէս հայերուն ղարաբաղեան հարցին մէջ միակողմանի զիջումներ կատարելու, Հայաստան-Թուրքիա ճանապարհային քարտեսի որդեգրման հարցերուն մէջ Հայաստանի նկատմամբ ճնշումներ գործադրելու, ինչպէս նաեւ Հայկական Ցեղասպանութեան իրողութիւնը հաստատած Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու նախկին դեսպան Ճան Էվընզը պաշտօնէն հեռացնելու քայլերը։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.