ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Վանի առեւտրական սենեակի վարչութեան նախագահ Զահիր Գանտաշօղլու խիստ քննադատութեան ենթարկեց Կարսի կուսակալ Ահմետ Քարան, որ անցեալները ժխտական յայտարարութիւններ ըրած էր 1915ի պատահարներու կապակցութեամբ եւ ըսած. «Մենք բան չըրինք, հայերն են, որոնք սպաննեցին թուրքերը»։
Գանտաշօղլու դիտել տուաւ, որ 87 տարիէ ի վեր ամէն մարդ գիտէ, թէ արեւելեան նահանգները յետամնաց պայմաններու մէջ են, չեն կրնար դրացիներու հետ առեւտուր իրականացնել, ուստի շրջանի քաղաքագէտները, մասնաւորաբար՝ կուսակալները, իրենց պարտականութիւնը պէտք է դարձուցած ըլլան իրենց հողատարածքին վերելքը ապահովելու, ներդրումներ իրականացնելու, նախաձեռնութիւնները քաջալերելու առաքելութիւնը։ Պատկան իշխանութիւնները գիշեր ցերեկ պէտք է աշխատին, որպէսզի վերելք ստեղծեն ու ապահովեն օտար դրամագլուխի հոսքը դէպի Անատոլուի արեւելեան նահանգներ։ «Մենք կը տանինք այդ ուղղութեամբ», ըսաւ Գանտաշօղլու եւ յիշեցուց, թէ Հայաստանի նկատմամբ բացուածքէն քաջալերուելով՝ Վանի առեւտրական սենեակէն 40 հոգիէ բաղկացած պատուիրակութիւն մը անցեալ Մայիսին գնաց Հայաստան, օգտակար շփումներ ունեցաւ, իսկ վերադարձին ինք Պերլին գնաց ու հոն ալ աշխատաժողովի մը մասնակցելով՝ թուրք-հայ յարաբերութիւններուն մասին տեղեկութիւններ փոխանցեց: Ըստ անոր, թէ՛ Հայաստանի եւ թէ Պերլինի մէջ, բոլոր այն հայերը, որոնց հետ շփում ունեցած է ինք, երբեք չպնդեցին այն կէտերուն վրայ, որոնց մասին խօսած է Կարսի կուսակալը։
«Ոչ մէկը պատմութեան մասին վճիռ արձակելու պարտականութիւն վերագրելու է իրեն. Կարսի կուսակալին ալ պարտականութիւնը չէ պատմաբանութիւն ընել։ Մենք նշանակալից կը գտնենք, որ Կարսի կուսակալին այս յայտարարութիւնը կը կատարուի այնպիսի շրջանի մը, երբ հայեր կը պատրաստուին Վան գալու Աղթամարի արարողութեան համար», ըսաւ ան։
Գանտաշօղլու նաեւ ըսաւ, որ այս հանգրուանին, երբ «բոլորս ալ գործակցութեան կարիքը կը զգանք, կուսակալի մը համար անվայել է ըսել, թէ մենք չսպաննեցինք, հայերը մեզ ջարդեցին։ Այսպիսի բանավէճերու պէտք չունինք: Այս պահուն ամէն ճիգ կը թափենք, որպէսզի Ալիճանի սահմանադուռն ու բոլոր միւս սահմանները բացուին ու մեր դրացիներուն հետ ամէն տեսակ առեւտուր ընենք։ Կարսի կուսակալէն գործակցութիւն կը սպասենք այս մարզէն ներս»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.