ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Հակառակ անոր, որ Լոզանի պայմանագիրով նախատեսուած է Թուրքիոյ մէջ բնակող ոչ մահմետական փոքրամասնութիւններուն՝ հայերուն, յոյներուն եւ հրէաներուն իրաւունքներու պաշտպանութիւն, այնուամենայնիւ այդ իրաւունքները միշտ կ՛ոտնահարուին թրքական կառավարութեան կողմէ:
Թուրքիոյ հայերը, վախնալով իրենց կառավարութեան զայրոյթէն՝ հազուադէպօրէն կը համարձակին առարկել իրենց քաղաքացիական իրաւունքներու յաճախակի ոտնահարումներուն դէմ: Ա՛լ աւելի վատ է, երբ Պոլսոյ հայերը իրենք անձամբ թուրք պաշտօնեաները կը հրաւիրեն երբեմն՝ իրենց համայնքի գործերուն միջամտելու, ներքին եւ անձնական վէճերը լուծելու համար:
Նման կոպիտ միջամտութեան թարմ օրինակն էր արքեպիսկոպոս Արամ Աթեշեանի՝ իբրեւ պատրիարքական փոխանորդ ընտրութիւնը, բժիշկները ախտորոշելէ ետք, թէ Պոլսոյ ներկայի պատրիարք Մեսրոպ Մութաֆեանը կը տառապի անբուժելի մտագարութենէ:
Վեց ամիս առաջ, երկու տարի ուշացումով, երբ պատրիարք Մութաֆեանի անկարողութեան պատճառով պատրիարքին աթոռը թափուր մնացած էր, Պոլսոյ պատրիարքարանի Կրօնական ժողովը դիմեց թրքական կառավարութեան՝ արտօնութիւն խնդրելով աթոռակից պատրիարքի ընտրութիւն կատարելու համար: Կրօնական ժողովը նշանակեց պատրիարքական ընտրութեան նախաձեռնող մարմին մը, որպէսզի Անգարայէն արտօնութիւն ստանալէ ետք նշեալ ընտրութիւնը կազմակերպէ:
Իրավիճակը աւելի խճճուեցաւ, երբ ընտրութեան նախաձեռնող մարմինը, գերազանցելով իր լիազօրութիւնները՝ իր ինքնուրոյն նամակը յղեց թրքական իշխանութիւններուն՝ նոր պատրիարք, այլ ոչ թէ աթոռակից պատրիարք մը ընտրելու արտօնութեան խնդրանքով:
Այս երկու նախաձեռնողներն ալ միեւնոյն մեծ սխալը գործեցին՝ հրաւիրելով թրքական կառավարութեանը որ միջամտէ հայ համայնքի կրօնական ներքին հարցերուն: Աւելին, աթոռակից պատրիարք մը ունենալը կը հակասէր պատրիարքարանի գրեթէ 600ամեայ աւանդութեան ու սովորութեան, ի տարբերութիւն Մայր աթոռ Ս. Էջմիածինի ու Կիլիկիոյ կաթողիկոսարաններուն եւ Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարանին: Նաեւ, նոր պատրիարք ընտրելու խնդրանքը ճիշդ չէր. գործող պատրիարքի կենդանութեան օրօք նոր պատրիարք կարելի չէ ընտրել, որովհետեւ պատրիարքները կ՛ընտրուին ցմահ:
Օգտուելով հայ համայնքէն ներս առկայ տարաձայնութիւններէն՝ թրքական կառավարութիւնը վերջապէս Յունիս 29ին պատասխանեց դիմումին՝ արտօնելով փոխանորդի, այլ ոչ թէ աթոռակից պատրիարքի կամ նոր պատրիարքի ընտրութիւն: Իրենց այս քայլով թրքական իշխանութիւնները ոտնահարեցին հայ համայնքի կրօնական իրաւունքները, եւ դժբախտաբար, այդ մէկը ըրին հայ համայնքին իսկ խնդրանքով:
Արտօնելով, որ պատրիարքարանը ներկայացուի փոխանորդի մակարդակով՝ թրքական կառավարութիւնը տկարացուց այդ պատմական հաստատութեան կարգավիճակը, որովհետեւ պատրիարք Մութաֆեան, տառապելով մտային, այլ ոչ թէ ֆիզիքական անկարողութենէ՝ կրնայ տակաւին երկար տարիներ ապրիլ, իսկ այդ ամբողջ ընթացքին պատրիարքարանը պիտի առաջնորդուի միայն փոխանորդին կողմէ: Այսպիսի պատահականութիւն կը ծառայէ շահերուն Թուրքիոյ, որ միշտ ձգտած է ձուլել հայերը «պիւրոկրատական» արգելքներով, զրկելով զանոնք կամքի ազատ արտայայտութեամբ ընտրուած եւ ունակ հոգեւոր առաջնորդէ:
Կառավարութեան հրամանագիրէն ետք, 48 ժամուան ընթացքին արքեպիսկոպոս Աթեշեանը, որ փաստօրէն կը ղեկավարէր պատրիարքարանը այս միջոցին՝ իբրեւ 26 անդամ ունեցող Կրօնական ժողովի նախագահ, ժողով հրաւիրեց եւ միաձայնութեամբ ընտրուեցաւ փոխանորդ: Ոեւէ այլ կղերականի հնարաւորութիւն չընծայուեցաւ առաջադրելու իր թեկնածութիւնը այդ պաշտօնին համար:
Մինչ աշխարհասփիւռ հայութիւնը լուռ կը մնար, ի բացառութիւն Գերմանիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Գարեգին արք. Բեքչեանի, Պոլսոյ քանի մը խիզախ հայեր համարձակեցան իրենց բողոքի ձայնը բարձրացնել: Ընտրութեան նախաձեռնող մարմինը, որ լուծուեցաւ թրքական կառավարութեան կողմէ, դատական հայց ներկայացուց Անգարայի որոշումին դէմ՝ պահանջելով նոր պատրիարքի ընտրութիւններ, այլ ոչ թէ՝ փոխանորդի:
Ի՞նչ պէտք է ընել ստեղծուած իրավիճակին մէջ: Թուրքիայէն դուրս գտնուող կրօնական եւ աշխարհիկ հայ ղեկավարները պէտք է բողոքի իրենց ձայնը բարձրացնեն հայ եկեղեցւոյ ներքին գործերուն՝ թրքական իշխանութիւններու անհարկի միջամտութեան դէմ, որ կը խախտէ Լոզանի պայմանագիրը:
Շատ կարեւոր է, որ Թուրքիոյ հայերը համախմբուին ու յայտարարեն, որ փոխանորդի պաշտօնը ժամանակաւոր միջոցառում մըն է, այլ ոչ թէ՝ երկարաժամկէտ լուծում: Առանց Անգարայի թոյլտուութիւնը խնդրելու, հայ համայնքը պէ՛տք է կազմակերպէ նոր ընտրութիւններ աթոռակից պատրիարքի, որ այնուհետեւ պիտի դառնայ պատրիարք, ներկայիս անկարողութենէ տառապող պատրիարք Մութաֆեանի վախճանումէն ետք:
Իսկ թէ հայ համայնքը նո՞ր պատրիարք կ՛որոշէ ընտրել, կամ աթոռակից պատրիարք՝ ատիկա միայն իր գործն է, այլ ոչ թէ թրքական իշխանութիւններունը: Կարեւոր է, որ Պոլսոյ հայ համայնքը համախմբուի մէկ ընդհանուր դիրքորոշումի մը շուրջ եւ խուսափի յաւելեալ պառակտումէ: Եթէ տեղական հայ համայնքը դառնայ միասնական եւ ստանայ աշխարհի հայութեան եւ ոչ հայերու աջակցութիւնը, ապա թրքական կառավարութիւնը, որ կը պարծենայ իր աշխարհիկ ու ժողովրդավարական վարչակարգով, հարկադրաբար պիտի զսպէ իր քաղաքական միջամտութիւնը հայ փոքրամասնութեան կրօնական գործերուն:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր»ի
խմբագիր