ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Հինգշաբթի, Յուլիս 22ի առաւօտուն, Արամ Ա. կաթողիկոս այցելութիւն մը տուաւ Լիբանանի հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի: Վեհափառ հայրապետին կ՛ընկերանային Լիբանանի հայոց առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանը եւ Նորայր եպս. Աշըգեանը:
Նախագահին եւ վեհափառին հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան Լիբանանը դիմագրաւող շարք մը հարցեր: Վեհափառը գնահատեց նախագահին ի գործ դրած ճիգերը՝ ներքին միասնականութիւնը ամրապնդելու եւ կողմերուն միջեւ փոխադարձ հասկացողութիւն յառաջացնելու գծով: Այս առիթով, վեհափառը նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց նախագահին՝ իր հօրը մահուան առիթով թաղման արարողութեան անոր ղրկած ներկայացուցիչին համար, ինչպէս նաեւ Անթիլիասի կաթողիկոսարան անոր կատարած այցելութեան առթիւ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.