ԼԱ ՀԷՅ, «Ա.Էֆ.Փէ.».- Հինգշաբթի, Յուլիս 22ին Արդարադատութեան միջազգային ատեանը մերժեց Քոսովոյի անկախութեան հռչակումը միջազգային օրէնքներու խախտում մը նկատող Սերպիոյ կառավարութեան ներկայացուցած դիմումը՝ օրինականացնելով Փետրուար 17, 2008ի կատարուած անկախութեան հռչակումը, միաժամանակ հարուած մը հասցնելով նման տագնապներու լուծումը հողային ամբողջականութեան սկզբունքով լուծելու ընտրանքին ջատագովներուն:
ՄԱԿի բարձրագոյն ատեանը հանդիսացող այս դատարանին դատաւորներէն չորսը համաձայն գտնուած է Սերպիոյ այն պնդումին, թէ Քոսովոյի իշխանութիւնները խախտած են միջազգային օրէնքները՝ նահանգը անկախ տարածք հռչակելով, սակայն մնացեալ 10 դատաւորները Քոսովոյի որոշումը օրինական նկատած են:
Վճիռէն անմիջապէս առաջ, Սերպիոյ արտաքին գործոց նախարար Քուք Երեմիք յայտարարած էր, թէ Քոսովոյի անկախութեան նեցուկ կանգնելու որոշում մը կրնայ աշխարհի տարածքին սահմաններու փոփոխութեանց առջեւ դուռ բանալ: «Աշխարհի մէջ ոչ մէկ սահման ապահով պիտի ըլլայ, եթէ ատեանը նեցուկ կանգնի Քոսովոյի անջատման», ազդարարած էր ան:
Յայտնենք, թէ Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոմիութեան անդամ 27 երկիրներէն 22ին գլխաւորութեամբ, ցարդ 69 երկիրներ արդէն իսկ ճանաչում շնորհած են Քոսովոյի անկախութեան: Սերպիա, Կիպրոս, Չինաստան, Սպանիա եւ Ռուսիա կը գլխաւորեն Քոսովոյի անկախութեան ընդդիմացողներուն ցանկը:
Երկու միլիոն բնակչութիւն ունեցող Քոսովոյի բնակչութեան 90 տոկոսը ալպանացի է:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.