Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Մեր մամուլի ներքին մէկ էջին վրայ ծուարած էր լուր մը, որ մեր յիշողութեան մէջ արթնցուց Վահան Թէքէեանի ծանօթ բանաստեղծութիւնը. «Ահաւոր բան մը այնտեղ կը կատարուի մութին մէջ… Կը սպաննեն ազգ մը այնտեղ, որ կեանք ունէր ու շնորհ…»։ Ահաւոր կսկիծէ մը ժայթքած ճիչին շարժառիթը՝ հայութեան դէմ թուրքին ջարդերն էին։ Բանաստեղծութիւնը գրուած է 1916ին։ Պատմութիւնը ծանօթ է։
Լուրը.- Հայաստանի Տարածքային կառավարման նախարարութեան Գաղթականութեան պետական ծառայութեան պետ Գագիկ Եգանեան, մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, յայտարարած է, թէ վերջին 8 տարիներուն, Հայաստանէն ԱՐՏԱԳԱՂԹԻ ՀՈՍԱՆՔԻՆ ՄԷæ ԱՐՏԱՌՈՑ ԲԱՆ ՉԷ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԱԾ (ընգծումը՝ մեր կողմէ), թէ՝ ՄԱԿը սխալ թիւեր հրապարակած է, ըսելով, որ արտագաղթողներուն թիւը 1.3 միլիոն է, նախկին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեան եւս չափազանցած է արտագաղթողներուն թիւը (լուրին մէջ նախկին նախագահին հրապարակած թիւը չէր նշուած). ըստ պետական այս բանբերին, 2002էն ասդին, արտագաղթողներուն թիւը մէկէն 1.1 միլիոնի միջեւ կը տարուբերի։
Հասկցէ՛ք, ժողովուրդ. երեք միլիոննոց Հայաստանէն արտագաղթողներուն թիւը ՄԻԱՅՆ 1-1.1 միլիոն է՝ պետութեան մարդուն հաստատումով։
Եթէ ՄԱԿին ըսածը ճիշդ ըլլար, այսինքն՝ արտագաղթողներուն թիւը ըլլար իշխանաւորներուն գիտցածէն երկու հարիւր հազար աւելի, հաւանաբար պարոն Եգանեան ու իր «պոս»երը վրդովէին ու հոսանքը արտառոց գտնէին։ Երբ ինք՝ իշխանութեան մէկ ներկայացուցիչը ստուգած է, որ թիւը այդքան ալ մեծ չէ, նաեւ նկատած ըլլալու է որ նախկին նախագահը, իր ծանօթ վարքագիծին հաւատարիմ՝ փորձեր է հոս ալ քաղաքական կէտեր շահելու համար չափազանցութեան դիմել, ուրեմն, ահա ճակատաբաց պատասխան մը. «Առէ՛ք ձեզի ճշմարտութիւնը եւ լռեցէ՛ք». ԱՐՏԱՌՈՑ ԲԱՆ ՉԿԱՅ ԱՐՏԱՀՈՍՔԻ ՏԱՐՈՂՈՒԹԵԱՆ ՄԷæ։
Եգանեանի խօսքերը արտայայտուած են այնպիսի պարզունակութեամբ, որ կարծէք թէ խօսքը կը վերաբերի Հայասանէն քանի՞ ծիրան կամ կեռաս արտածուած ըլլալու մասին։ Ահա թէ ինչպիսի՛ տրամաբանութեամբ ու «յստակատեսութեամբ» կը դիտեն Երեւանի իշխանութիւնները՝ արտագաղթողներու այսպիսի հսկայ թիւ մը։ Իսկ եթէ մէկը ոտքի կանգնի ու ըսէ, թէ բարեկամներ, սա արտառոց երեւոյթ է, երկրի մը բնակչութեան մէկ-երրորդին արտագաղթը արտասովոր ու արտառոց վիճակ է, անոնք վստահաբար պատրաստ են պատասխանելու. «Տեղդ նստէ՜… Դուն ի՞նչ կը հասկնաս որ… Արտագաղթը բնական երեւոյթ է… ամէն երկրէ ալ արտագաղթող կ՛ըլլայ, Հայաստանը ինչո՞ւ բացառութիւն պիտի ըլլայ եւ նման թիւեր ինչո՞ւ պէտք է մտահոգութիւն պատճառեն…»
(Արդար ըլլալու համար արձանագրենք, որ նոյն լուրին մէջ, պարոն Եգանեան երկար-բարակ արձագանգած է Պելճիքայի իշխանութիւններու այն խրատին, որ փախստականներ, ըսել կ՛ուզէ՝ քաղաքական ապաստանեալի իրաւունք խնդրողներ, մեծ մասամբ անպատասխան կը ձգուին, զիրենք ընդունող երկիրներ կրնան կեցութեան իրաւունք չտալ ու դուռ կը բացուի նորանոր դժբախտութիւններու. ուրեմն, այդ «հնարք»էն հրաժարեցէ՛ք, ժողովուրդ…։ Իսկ թէ ինչո՞ւ մեծ թիւով քաղաքացիներ այս «հնարք»ին պիտի դիմեն, արդէն տագնապին մէկ այլ երեսն է)։
Եկէ՛ք, վայրկեան մը չարամտութիւն ընենք եւ հարց տանք. արդեօք ի՞նչ է առաքելութիւնը պարոն Եգանեանի գլխաւորած ծառայութեան։ Այս ծառայութիւնը արդեօք գաղթողներու գործը դիւրացնո՞ղ սպասարկութիւն է, այսինքն՝ արտագաղթելու դիւրին միջոցնե՞ր ցոյց կու տայ. բաժանմունքին անունը՝ Գաղթականութեան պետական ծառայութիւն, չ՞արդարացներ նման չարամտութիւն։ Յետոյ, այս չարամիտ կասկածը կը ծնի նոյնինքն բանբերին այն հաստատումէն, որ աւելի քան միլիոնի մը արտագաղթը արտառոց երեւոյթ չէ, բնական բան է, այսինքն՝ այս բաժանմունքը իր ծառայութիւնը, իր պարտականութիւնը ճիշդ կերպով կը կատարէ…։
ՀԱՅԱՍՏԱՆԷՆ ՈՒԹ ՏԱՐՈՒԱՆ ՄԷæ ԱՒԵԼԻ ՔԱՆ ՄԻԼԻՈՆԻ ՄԸ ԱՐՏԱԳԱՂԹԸ ԱՐՏԱՌՈՑ ԵՐԵՒՈՅԹ Է, պարոն պաշտօնատար, պարոն նախագահ, պարոն վարչապետ եւ մասամբ նորին։ Աւելի քան միլիոն մը քաղաքացիի արտագաղթը, ընդամէնը երեք միլիոն հաշուող երկրէ մը, ԱՐՏԱՌՈՑՈՒԹԵԱՆ ԹԱԳ է, որ հանգչած է այդ հոսանքին առիթ տուող իշխանաւորներուն գագաթներուն։ Իշխանաւորներու ակնոցով՝ արտագաղթողներու թիւը արդեօք պէտք է 2-2.5 միլիոնի՞ հասնի, որպէսզի մտահոգութիւնները շարժին, ահազանգ հնչէ։
Միլիոն մը մարդ ինչո՞ւ պէտք է գաղթէ Հայաստանէն՝ հայրենիքէն, սեփական հողէն։ Սակաւապետներու ստեղծած պայմանները եւ «երկիրը կը բարելաւուի» մակերեսային քարոզչութիւնները չե՞ն արդեօք իսկական պատճառները՝ զանգուածներու կողմէ հայրենիքի թողլքման, ապրուստի տարրական միջոցներ այլուր փնտռելու տենդին, անվերադարձ օտարացումի, ձուլումի կաթսաներու նոր ալիքներու հայթայթման։
Ստեղծուած պայմաններուն ի տես, նաեւ ի լուր այդ բոլորին մէջ արտառոց բան չտեսնելու իշխանաւորներու տրամաբանութեան, ստիպուած ենք արձագանգելու Թէքէեանի յիշեալ ճիչին, այն տարբերութեամբ, որ ահաւոր բանը ա՛լ մութին մէջ չի կատարուիր, այլ Հայաստանի հայաթափումը կ՛իրականանայ օր ցերեկով, տարուէ տարի, ամիսէ ամիս, շաբաթէ շաբաթ, եւ այս անգամ թուրքը այպանելու պատճառ չունինք…
Ծա՞նր է այս արտայայտութիւնը։ Վստահաբար. անիկա համազօր է այն ճիչին, որ ատենին արձակուած է ժողովուրդին ու հայրենիքին ահաւոր տագնապը տեսնող-ապրող բանաստեղծին կողմէ, իբրեւ լուտանք ու խարան՝ աշխարհին։
Այսօրուան տարապայման զարգացումներուն ի տես, ողջ հայութեան պահանջը մէկ է. իշխանութեան ու պաշտօններու չարաշահումը պէտք է տեղ մը կանգ առնէ եւ արտառոց իրականութիւնները պէտք է տեսնել-կոչել իրենց իսկութեամբ։ Պէտք է անդրադառնալ, որ ժողովուրդիդ մէկ-երրորդին արտագաղթը ԱՐՏԱՌՈՑ երեւոյթ է՛։ Անդրադառնալը բաւարար չէ. պէտք է նաեւ դարմանումի միջոցներու ձեռարկել։
Ժողովուրդը չի կրնար ընդմիշտ լուռ մնալ։
Արդար պահանջատիրութիւնը տարրական իրաւունք է։
Հայրենի հողին կառչիլն ու հոն ապրուստ ապահովելը մեկնակէտն է բոլոր իրաւունքներուն ու երկրի բարգաւաճման։
Վերջապէս, այս իրաւունքին անբաժանելի մէկ բաժինն ալ՝ խլուած հողերուն վերադարձն է, որպէսզի արդար ապրուստի հնարաւորութիւններուն անբաւարարութիւնը ինքնաբերաբար ի՛ր լուծումը գտնէ։