
«Լոնկ Այլընտ Փրէս» Երեքշաբթի, Յուլիս 27ին կը հաղորդէ, թէ տասը տարի առաջ Ֆրեզնոյէն Ռիք Նորսիկեան, Լոս Անճելըսի մէկ պահեստանոցին մէջ գտնուած լուսանկարներու ապակեայ նախատիպերու երկու սնտուկներու համար վճարած էր 45 տոլար գումար մը, որմէ ետք ան աշխատանք տարած է բացայայտելու, թէ որ լուսանկարիչին կը պատկանին անոնք:
Արուեստի մասնագէտ Տէյվիտ Սթրից «Սի.Էն.Էն»ին յայտնած է, թէ անոնք, շատ հաւանաբար, կը պատկանին ամերիկացի յայտնի լուսանկարիչ Էնսըլ Էտըմզի (1902-1984) ոսպնեակին, եւ այդ պարագային, անոնք կրնան մօտաւորապէս 200 միլիոն տոլար արժել:
Լուսանկարչութեան մասնագէտ Փեթրիք Ալթ կը կարծէ, թէ անոնք նկարուած են 1919էն 1930ի միջեւ եւ Էնսըլ Էտըմզի լուսանկարչութեանց պատմութեան մէջ կարեւոր բաց մը կը լեցնեն: