ԳԷՈՐԳ ՄԱՆՈՅԵԱՆ
«Businessinsider» համացանցային լրատու գործակալութիւնը կը գրէ, թէ մինչ անցեալին Միացեալ Նահանգները ունէր աշխարհի ամենամեծ ու ամենահարուստ միջին դասակարգը, համաշխարհայնացումը եւ առեւտուրը ազատականացնելու ջանքերը պատճառ դարձած են, որ այս դասակարգը զգալիօրէն տկարանայ, որովհետեւ ներկայիս ան պարտադրուած է մրցելու ժամական մօտաւորապէս 20 սենթով վարձատրուող աշխատաւորներու հետ: Համաշխարհայնացումը նպաստաւոր եղած է միայն թերաճ երկիրներու մէջ նուազագոյն աշխատավարձքով բանուորներէն հսկայ շահեր ապահոված ընկերութեանց:
Ստորեւ՝ շարք մը հետաքրքրական տուեալներ, որոնք կը վկայեն, թէ ինչպէ՛ս հարուստները աւելի արագօրէն կը հարստանան, իսկ չքաւորները՝ հակառակ ուղղութեամբ կ՛ընթանան, մինչ միջին դասակարգը կ՛անհետանայ.
– Ամերիկեան բոլոր բաժնետոմսերուն 83 տոկոսը կը պատկանի ամերիկացիներէն միայն 1 տոկոսին:
– Ամերիկացիներուն 61 տոկոսը միշտ կամ ընդհանրապէս «ամսականէ ամսական» կը գոհացնէ իր ծախսերը: Այդ համեմատութիւնը 43 առ հարիւր էր 2007ին:
– 2001էն 2007ի միջեւ, եկամուտի ընդհանուր աճին 66 տոկոսը գացած է ամերիկացիներէն միայն 1 տոկոսին:
– Ամերիկացիներուն 43 տոկոսը նուազ քան 10,000 տոլար պահ դրած է հանգստեան կոչուելու տարիներուն համար, իսկ 36 տոկոսը կը յայտնէ, թէ ոչինչ պահ կը դնէ: Նաեւ, ամերիկացիներուն քառորդը որոշած է առնուազն մէկ տարիով յետաձգել իր հանգստեան կոչուելու թուականը:
– Պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով, ներկայիս դրամատուներուն հակակշռին տակ կը գտնուին Միացեալ Նահանգներու բնակարաններուն աւելի մեծ համեմատութիւն մը, քան ամերիկացի քաղաքացիներուն հակակշռին տակ:
– Մինչ 1950ին ընկերութեան մը տնօրէնին եկամուտը աշխատաւորի մը միջին եկամուտին 30 անգամ էր, ներկայիս այդ համեմատութիւնը 300էն 500ի միջեւ է:
– Աւելի քան 40 միլիոն ամերիկացիներ ներկայիս պետութենէն ուտեստեղէնի օժանդակութին կը ստանան, ինչ որ նոր մրցանիշ մըն է:
– Միջին հաշուով, անգործ դարձած ամերիկացի մը 35.2 շաբաթ պէտք ունի՝ աշխատանքի նոր կարելիութիւն մը գտնելու համար:
– 2009ին ամերիկացիներուն միլիոնատէրերուն թիւը 16 տոկոսով աճած է՝ հասնելով 7.8 միլիոնի: