
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Առանց հայրենիքի, առանց մայր հողին՝ ո՛չ ապագայ կայ, ո՛չ կեանք, ո՛չ ընտանիք կ՛ըլլայ: Առանց մայր հողին, առանց ազգին, որեւէ ընտանիք գոյութիւն չ՛ունենար։
ԱՐԱ ՔԸՐՃԸԼԵԱՆ
Որքան տարիները կ՛անցնին եւ ժամանակը յուշերու մէջ կ՛ամփոփէ օրին ապրուած բոլորիս ցաւն ու կսկիծը, այնքան Լիզպոնի հերոսական քայլը պարուրած խորհրդաւորութիւնը իր տեղը կը զիջի պարզ ու պայծառ պատգամին առջեւ Հինգ Ողջակէզներու գերագոյն զոհաբերութեան։
Օրին դժուար եղաւ Լիզպոնի հինգ հերոսներուն գերագոյն զոհաբերութեան քայլը ընկալել, բացատրել եւ արժեւորել Հայ Դատի ուժական պայքարի ընդհանուր շրջագիծին բնորոշ քաղաքական ու մարտավարական եզրերով։ Թրքական պետութիւնը ներկայացնող դեսպանութեանց՝ դիւանագէտներուն թէ դիւանագիտական կեդրոններուն դէմ ծաւալած ուժական պայքարը, մինչեւ Լիզպոնի գործողութիւնը, չէր ունեցած որեւէ ձեւի անձնասպանական գրոհի բնոյթ։ Հարցականները անմիջապէս հետեւեցան։ Ինչո՞ւ աւելի ուշագրաւ եւ ցնցիչ թիրախ մը չէր ընտրուած անձնասպանական գործողութեան համար։ Հինգ անձնուրաց հայորդիներով կարելի չէ՞ր աւելի ազդու՝ թրքական պետութիւնը հարուածող եւ աշխարհի խղճմտանքը խոցող գրոհի մը ծրագիրը յղանալ ու իրագործել…
Պատասխանի չսպասող եւ խորքին մէջ պահանջատէր հայութիւնը համակած խոր ընդվզումէն բխող այդօրինակ հարցականները չօգնեցին, որ Լիզպոնի գործողութեան վրայէն վերցուի խորհրդաւորութեան քողը։ Չօգնեց նաեւ, գործողութեան աւարտէն անմիջապէս ետք, Լիզպոնի Հինգին անունով՝ զանգուածային լրատուութեան բոլոր միջացներով Հայ Յեղափոխական Բանակին տարածած հաղորդագրութեան այն յստակացումը, թէ՝ «Մենք որոշած ենք պայթեցնել այս շէնքը եւ մնալ անոր փլատակներուն տակ։ Ասիկա ո՛չ ինքնասպանութիւն է, ոչ ալ խելագարութեան դրրսեւորում մը, այլ ընդհակառակն՝ մեր զոհաբերումն է ազատութեան բագինին»։
Լիզպոնի գործողութեան ողբերգական վախճանը այնքան խոր խոց բացաւ հայ ազգային գիտակցութեան մէջ, վիշտն ու ընդվզումը այնքան կլանող եղան, որ երկար ժամանակ հայ քաղաքական միտքը տուայտեցաւ Հերոսական Հինգին ողջակիզման առթած կսկիծով եւ չկրցաւ լիարժէք արձագանգել անոնց մարմնաւորած գերագոյն զոհաբերութեան օրինակին, անոնց արեամբ նուիրագործուած անմահ խորհուրդին ու այժմէական պատգամին։
Փաստօրէն 27 Յուլիս 1983ին, Լիզպոնի մէջ, հինգ հայ երիտասարդներու ողջակիզումով խոր վէրք մը բացուեցաւ հայ ժողովուրդին եւ հայ մարդոց էութեան մէջ։ Եւ որքան տարիները անցան, այնքան Լիզպոնի Անձնազոհութեան տարելիցը այսօր պատահած, մեր աչքերուն առջեւ պարզուած ողբերգութեան մը պէս շարունակեց ցնցել մեզ՝ ողջ էութեամբ։
Տարբեր ալ չէր կրնար ըլլալ անշուշտ, որովհետեւ Գերագոյն Զոհաբերութեան իրենց պատրաստակամութիւնը այդպէ՛ս, ողբերգականօրէն պարզելով՝ Լիզպոնի Հինգը աշխարհով մէկ լսելի դարձուցին Հայուն բողոքն ու ցասումը Լռութեան այն ծանրանիստ պատին դէմ, որ թրքական պետութեան ուրացումով եւ մեծապետական աշխարհի մեղսակցութեամբ հիւսուած էր՝ հայ ժողովուրդի եւ Հայաստանի նկատմամբ թրքական պետութեան գործադրած ահաւոր ցեղասպանութեան, հայոց հողերու բռնագրաւումին ու հայկական իրաւունքներու ոտնակոխումին շուրջ։
Սեփական կեանքի զոհաբերութեան գնով Լիզպոնի Հինգը, աշխարհով մէկ, դղրդացուցին հայկական Իրաւունքի եւ Արդարութեան անլռելի զանգակատունը։
Բարօր կեանքի յոյսերով լեցուն երիտասարդական իրենց կեանքը այդպէս՝ իբրեւ աշխարհի որեւէ անկիւնը թրքական պետութեան դէմ պայթելու պատրաստ ուժանակ, լարեցին ու պայթեցուցին Լիզպոնի Հինգ հերոսները, որովհետեւ առանց Հայաստանի ու հայ ժողովուրդի ազատութեան՝ Հայը չունէր կեանքի եւ բարօրութեան լիարժէք ու լիիրաւ՝ ազգայի՛ն հեռանկար։
Եւ Լիզպոնի Հինգին գերագոյն զոհաբերութիւնը միայն անոնց անձնական ընտրանքը չեղաւ։ Իւրաքանչիւրին մէջ եւ հաւաքաբար բոլորին միաձոյլ օրինակով՝ հայ ժողովուրդի ամբողջ սերունդ մը արար–աշխարհին լսելի եւ շօշափելի դարձուց միեւնոյն ընտրանքը։
Եղեռնէն վերապրած հայութեան սփիւռքածին այդ սերունդը ամէն հնարաւորութիւն ունէր տարբեր ընտրանք կատարելու, կեանքի մէջ յաջողելու, երիտասարդական թափով նուաճումներ իրականացնելու, Հայաստանն ու հայութիւնը համաշխարհային ազգի պատուանդանին բարձրացնելու։
Եւ այդ սերունդը անշուշտ կ՛ուզէր, որ Թուրքիոյ գործադրած ցեղասպանութենէն վերապրած եւ վերստին ծաղկող հայ ժողովուրդը իր արժանի տեղը գրաւէր արեւուն տակ, մեծ ու փոքր ածու բոլոր ազգերու շարքին։
Եւ ճիշդ այդ ընտրանքին գլխաւոր ու անհրաժեշտ պայմանը՝ Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանի անփոխարինելի կռուանը ապահովելու մղումն էր, որ դէպի Լիզպոնի գերագոյն զոհաբերութեան բագինը առաջնորդեց քայլերը Սագոյի եւ Սիմոնի, Սեդրակի ու Վաչէի եւ Արայի։
Այլապէս՝ հայկական Իրաւունքին եւ Արդարութեան շուրջ քաշուած Լռութեան Պատը դանդաղ, այլեւ սպիտակ մահուան դատապարտած էր ողջ հայութիւնը։
Տարբեր տեղ պէտք չէ փնտռել բացատրութիւնը այն կոտտացող վէրքին, որ ամէն Յուլիսի վերջերուն այս աստիճան կը խռովէ միտքն ու հոգին հայ մարդոց։
Լիզպոնի Հինգին հետ, գերագոյն զոհաբերութեան բագինին վրայ, փաստօրէն նահատակուեցաւ հարազատ բջիջ մը իւրաքանչիւր հայու սրտէն ու մտքէն, մարմնէն ու հոգիէն։
Եւ որքան ժամանակը թաւալի, այնքան կը վերանորոգուի Լռութեան մեծ Ոճիրին բացած վէրքը հայ մարդու էութեան, յոյզերու եւ մտածումներու խորքին. չսպիացող վէրքը՝ ցեղասպանութեան ենթարկուած, հայրենի հողէն տեղահանուած եւ աշխարհով մէկ հողմացրիւ դարձած հայութեան, որուն կը շարունակեն զլանալ պատմական ճշմարտութեան խոստովանութիւնն անգամ։
Իբրեւ այդպիսին՝ Լիզպոնի Հինգին գերագոյն զոհաբերութիւնը անշէջ հուր մը վառեց Հայու ենթագիտակցութեան, այլեւ ինքնագիտակցութեան մէջ։
Եւ որքան ալ անտաշ հնչեն Արա Քըրճըլեանի բերնով Լիզպոնի Հինգին պատգամը խտացնող բառերը, Հայու Գերագոյն Զոհաբերութեան այդ անվեհեր ուխտաւորները ամենայն պարզութեամբ ապրողներուս սորվեցուցին, որ առանց հայրենիքի եւ ազգի՝ ոչի՛նչ կայ եւ ոչի՛նչ կ՛արժէ կեանքը…