ԴԱՄԱՍԿՈՍ.- Յուլիս 14ին Սուրիոյ Օգնութեան Խաչի «Նայիրի» մասնաճիւղի վարչութիւնը շրջապտոյտ մը կազմակերպեց դէպի Դամասկոս։ Շրջապտոյտը սկիզբ առաւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորի եկեղեցիէն, ուր հաւաքուած էին հոծ բազմութեամբ համակիրներ եւ խաչուհիներ։ Շուրջ 100 հոգի մասնակիցներ, երկու փոխադրակառքերու մէջ համախմբուած, ճամբայ ելան այցելելու Դամասկոսի սրբավայրերը:
հարաւը գտնուող Պուսրա քաղաքը, որուն մասին կը յիշատակուի Ն.Ք. 2րդ հազարամեակի սեպագիր արձանագրութիւններուն մէջ, հռչակաւոր է իր ամփիթատրոնով, որ կրնայ 15 հազար հանդիսատեսներ ընդունիլ։
Այստեղ բաւականին առատ պատմական տեղեկութիւններ ստացաւ խումբը՝ շրջանին մասին տեղւոյն ընդհանուր պատասխանատու տնօրէնուհիէն, որ անձամբ յանձն առաւ առաջնորդել զայն, համապատասխան տեղեկանք փոխանցելով քաղաքի ամենայետին մանրամասնութեանց մասին։
Յաջորդ այցելութեան վայրն էր նորակառոյց «Ալ Քարիէ Ալ Շամիէ» համալիրը, որ կը գտնուի Դամասկոսէն 40 քմ. հեռաւորութեան վրայ։ Այստեղ մասնակիցները կէսօրուան ճաշէն ետք, հերթաբար այցելեցին ժողովրդական արհեստները եւ ձեռարուեստը ներկայացընող մոմէ թանգարանը, ինքնաշարժներու թանգարանը, «Ալ Ազմ» ազգագրական թանգարանը, «Պապ Ալ Հարայի» փողոցները, «Համիտիէ» շուկան, կենդանաբնական պարտէզը եւ արաբական բաղնիքը։ Ապա խումբը ուղղուեցաւ դէպի «Շերոպիմի» վանքը, որ կը գտնուի ծովու մակերեսէն 2000 մեթր բարձրութեան վրայ։ «Շերոպիմ» վանքը շրջապտոյտի վերջին կայանն էր:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.