ՄՈՍԿՈՒԱ.- Օգոստոս 5էն սկսեալ Ռուսաստանի մէջ հրդեհաշիջման աշխատանքներուն կը մասնակցին Հայաստանի արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան 28 հրշէջ-փրկարարներ եւ 4 հրշէջ մեքենաներ։
Օգոստոս 7ին հայ հրշէջները յաջողած են կանխել Վետենեապինօ գիւղին սպառնացող վտանգը:
«Կրակը ուժեղ քամու առկայութեամբ արագօրէն տարածւում էր դէպի գիւղ: Անմիջապէս բացազատուելով, մօտ 500 քլմ.ի վրայ տարածուած հրդեհը վերցուեց օղակի մէջ եւ մարուեց առանց յետագայ տարածման», յայտնած են ԱԻՆէն։
Հրշէջներու այլ խումբ մը՝ Իւանովկա գիւղին մօտ մարած է տարածուած հրդեհը։ Նման հրդեհներու զարգացման անկանխատեսելիութեան ծանօթ հրշէջները խուսափած են առճակատումէ, մինչ հայ հրշէջները յաջողած են կանխել հրդեհի դէպի գիւղ տարածումը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.