ԴԱՄԱՍԿՈՍ, «Ռոյթըրզ».- Թուրք եւ արաբ երեսփոխաններ Շաբաթ, Օգոստոս 7ին, Սուրիոյ մայրաքաղաք Դամասկոսի մէջ համախմբուեցան Թուրքիոյ եւ արաբական խորհրդարաններուն միջեւ երկխօսութիւնը խթանելու նպատակով:
Թուրքիոյ խորհրդարանի արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբի նախագահ Մուրատ Մերճան, որ կը գլխաւորէր թրքական պատուիրակութիւնը, յայտնեց. «Հասարակաց արժէքներ ունեցող թուրք եւ արաբ ժողովուրդներուն վրայ այս հանդիպումներուն դրական ազդեցութիւնները պիտի տեսնենք։ Մեր երկխօսութեան հանդիպումները առիթը կ՛ընձեռեն շրջանի եւ աշխարհի խաղաղութեան ազդող բազմաթիւ հարցերու մէջ համակարգումի»։
Երկօրեայ հանդիպումի աւարտին, յանձնախումբը շրջանի ժողովուրդներուն եւ պետութեանց դիմագրաւած մարտահրաւէրներու դիմակայման համար, արաբ եւ թուրք ժողովուրդներուն միջեւ ռազմավարական գործակցութեան ծիրի մը մէջ, սերտ յարաբերութիւններ յառաջացնելու կարեւորութիւնը ընդգծեց։
Թուրք եւ արաբ երեսփոխանները հանդիպումէն բխած հաղորդագրութեան մէջ շեշտեցին Թուրքիոյ եւ արաբական երկիրներու խորհրդարաններուն միջեւ գործակցութիւն յառաջացնելու նպատակին վրայ, ինչպէս նաեւ ընդգծեցին Դեկտեմբերին Քուէյթի մէջ տեղի ունենալիք երկխօսութեան գլխաւոր հանդիպումին կարեւորութիւնը։
Հանդիպումին մասնակիցները համաձայնեցան, որ Թուրքիոյ եւ արաբական երկիրներու խորհրդարաններուն քաղաքական յանձնախումբերը հերթական կերպով հանդիպում ունենան, իսկ թրքական կողմը՝ արաբ խորհրդարանականներու միութեան մէջ պաշտօնական դէտի կարգավիճակ ստանայ։
Հանդիպումին մասնակիցները ողջունեցին արաբական երկիրներուն եւ Թուրքիոյ միջեւ պատմական, աշխարհագրական եւ մշակութային կապերը, ինչպէս նաեւ արաբ-թրքական երկխօսութիւն կատարելու Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Ամր Մուսայի կոչը։
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցաւ արաբ-իսրայէլեան տագնապը եւ շրջանին վրայ անոր ազդեցութիւնը, Իրաքի մէջ արձանագրուող քաղաքական զարգացումները, Իրանի հետ յարաբերութիւնները, Եմէնի, Սոմալիոյ եւ Սուտանի վերջին զարգացումները, ինչպէս նաեւ խորհրդարանական միջազգային կառոյցներու մէջ կեցուածքներու համակարգումի հարցը։
Հանդիպումը քննարկեց նաեւ տնտեսական եւ մշակութային գործակցութեան հարցեր, ինչպէս՝ Թուրքիոյ եւ Արաբական լիկայի անդամ երկիրներուն միջեւ ներդրումներու քաջալերումը եւ մշակոյթներու երկխօսութիւնը շարունակելու եւ մշակութային ու կրթական փոխանակման հարցերը։ Երեսփոխանները արծարծեցին կրթական համակարգերը ի շահ հասարակաց շահերուն արդիականացնելու կարեւորութիւնը։
Ինչ կը վերաբերի տեղեկատուական մարզին, հանդիպումին մասնակիցները կոչ ուղղեցին արդիականացնելու այդ մարզին մէջ գործակցութիւնը եւ շեշտեցին արաբերէնով եւ թրքերէնով սփռուող պատկերասփիւռի արբանեակային կայանները աւելի ազդու դարձնելու կարեւորութիւնը:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ կենսոլորտի, ջուրի եւ ուժանիւթի մարզերուն վերաբերող հարցեր։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.