ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Տիարպեքիրի մէջ Կիրակի, Օգոստոս 8ին աւարտեցաւ «Ժողովրդավար ընկերութիւն» խորագրուած համագումարը, որ տեւեց երկու օր։ Թուրքիոյ իշխանութեանց կողմէ փակուած քրտամէտ Ժողովրդավար ընկերութիւն կուսակցութեան ղեկավար Ահմետ Թիւրք ներկայացուց համագումարին եզրափակիչ հաղորդագրութիւնը եւ ըսաւ, որ երեք տարիէ ի վեր կ՛առաջարկուի «ժողովրդավար Թուրքիոյ մէջ ինքնավար Քիւրտիստան»ի տարազը, որ բոլոր հարցերուն լուծումը միասին պիտի բերէ։ Ան պնդեց, որ տարբեր ինքնութիւն ու մշակոյթ ունեցող հաւաքականութիւններու համար լաւագոյն լուծումն է շրջանային ինքնավարութիւնը եւ ասիկա ո՛չ թէ անջատում, այլ հզօրացում պիտի բերէ։
Համաժողովը իր եզրափակիչ հաղորդագրութեան մէջ կոչ ըրաւ նաեւ որպէսզի զէնքերը լռեն այսուհետեւ ու ցմահ բանտարկուած Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան ղեկավար Ապտուլլահ Օչալանի ապագային «դրական որոշում մը առնուի»։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.