ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Ռոյթըրզ».- Վիրաւորուած ըլլալուն պատճառով, արհեստավարժ թենիսի դաշտերէն անցեալ Ապրիլին հեռացած արժանթինահայ Դաւիթ Նալպանտեան, Կիրակի, Օգոստոս 8ին, «Լեկ Մէյսըն» մրցաշարքի աւարտական մրցումին 6-2, 7-6, 7-4 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց մրցաշարքին մէջ 8րդ դասուած կիպրացի Մարքոս Պաղտաթիսի դէմ, բարձրացնելով մրցաշարքին բաժակը: Նալպանտեան կիսաւարտականին 6-2, 6-2 արդիւնքով պարտութեան մատնած էր մրցաշարրքին մէջ չորրորդ դասուած՝ խրուաթ Մարին Չիլիչը, իսկ քառորդ աւարտականին՝ ֆրասնացի Ժիլ Սիմոնին՝ 3-6, 6-2, 6-3 արդիւնքով:
Իր արհեստավարժ ասպարէզին մէջ 11րդ տիտղոսը շահելով, Նալպանտեան, որ անցեալ շաբաթ 117րդ դասուած էր աշխարհի մէջ, 72 դիրքերու ոստում մը կատարեց եւ ներկայիս 45րդ դիրքը կը գրաւէ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.