ՊՈԼԻՍ, «Պի.Պի.Սի.», «Մարմարա».- Օրերէ ի վեր, Թուրքիոյ հանրային կարծիքը կը զբաղի այն հարցով, թէ որո՞նք պիտի նշանակուին բանակի վերին դիրքերու վրայ, սկսեալ սպայակոյտի նախագահութենէն։ Սպայակոյտի նախագահ զօր. Իլքեր Պաշպուղ Օգոստոսի վերջաւորութեան հան-գստեան պիտի կոչուի։ Նոր սպայակոյտի նախագահի նշանակումի առընթեր, պիտի նշանակուէր նաեւ ցամաքային ուժերու նոր հրամանատարը։ Սպայակոյտի նախագահութիւնը, ցամաքային ուժերու հրամանատարի պաշտօնին համար կ՛առաջարկէր առաջին զօրաբանակի հրամանատար զօր. Հասան Ըղսըզի անունը, բայց վարչապետն ու նախագհը անոր նշանակման դէմ էին, որովհետեւ ան ամբաստանուած էր պետութեան դէմ դաւեր լարելու յանցանքով:
Անցեալ շաբաթ տեղի ունեցած զինուորական բարձրագոյն խորհուրդի այս ամսուան նիստը թատերաբեմ դարձաւ բուռն վիճաբանութիւններու, որու հետեւանքով ժողովը չկրցաւ որոշում մը տալ:
Սակայն, Կիրակի երեկոյեան, վարչապետը Իզմիրի մէջ յայտարարեց, թէ տագնապը լուծուած է ու նոր նշանակումներու կանոնագրութիւնը անմիջապէս պիտի յանձնուի հանրապետութեան նախագահին:
Այս նոր կարգադրութեան համաձայն, սպայակոյտի նախագահի պաշտօնին բերուեցաւ ցամաքային ուժերու հրամանատար զօր. Ըշըք Քոշաներ, ինչ որ անակնկալ մը չէր։ Իսկ ցամաքային ուժերու հրամանատար նշանակուեցաւ զօր. Էրտալ Ճէյլանօղլու։ Իր կարգին, զօր. Ըղսըզ հանգստեան կոչուեցաւ։ Զօրավար Ըղսըզի դէմ գլխաւոր ամբաստանութիւնն այն էր, թէ ան գնդապետ Տուրսուն Չիչեքի կողմէ պատրաստուած «Քաոս» ծրագրին տակ իր ստորագրութիւնը դրած էր։ Անոր անունը խնդրոյ առարկայ դարձած էր նաեւ «Համացանցի օրագիր» կոչուած փաստաթուղթերուն մէջ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.