Էջը Պատրաստեց՝ ՃՈՐՃ ԱՏՈՒՐԵԱՆ
ԿԱՐԻՆԷ ԹՈՐՈՍԵԱՆ

Ան շարժապատկերի ինքնուս բեմադրիչ մըն է:
Ծնած է Պէյրութ, հասակ նետած Թորոնթոյի մէջ, իսկ այժմ կ՛ապրի Փարիզ:
Անոր գործերը կ՛ընդգրկեն տեսաերիզ մը՝ «System of a Down» խումբին նուիրուած, եւ «Stone, Time, Touch» երկար ժապաւէնը, որ 2007ին արժանացաւ Վարշաւիոյ միջազգային ֆիլմի փառատօնի «Լաւագոյն երկար ֆիլմ» մրցանակին: Նոյն տարին, ան Պերլինի մէջ DAAD արուեստագէտներու բնակութեան (residency) մրցանակը կը ստանայ:
Անոր առաջին կարճ ֆիլմը՝ «Վիժընզ»ը (Visions), զոր նկարահանած էր 22 տարեկանին, մաս կազմեց Փարիզի Ճորճ Փոմփիտու (Centre Georges Pompidou) կեդրոնին մէջ, ֆիլմերու ցուցադրութեան յետադարձ (retrospective) ծրագիրին: Անոր հետագայ ֆիլմերը, երբ ան 25 տարեկան էր, ցուցադրուեացան New York Museum of Modern Art-ի Cineprobe-ի շրջանակէն ներս:
1999ին, անոր պատուիրեցին experimental երաժիշտ Sparklehorse-ի երաժշտութեան հիմամբ իրականացնել կարճ տեսաերիզ մը, որ ստացաւ 2000ի Պերլինի փառատօնի պատուոգիրը: Երկու տարի ետք, վերոյիշեալ երաժիշտի երաժշտութիւնը ներկայացնող «Babies on the Sun»ը, Պերլինի միջազգային փառատօնին ստացաւ «Լաւագոյն կարճ ֆիլմ» մրցանակը:
————————————————————————————————————————————

Զրոյց Գանատահայ Շարժապատկերի Բեմադրիչ Կարինէ Թորոսեանի Հետ
«Ընդունուած սահմանները անցայ ինծի համար կարեւոր գաղափարներ եւ հարցեր լուծելու նպատակով, անոնց կարգին՝ ինքնութեան, բազմակարծութեան եւ մարդկային իրաւանց հարցերը…»
Կարինէ Թորոսեան շարժապատկերի ինքնուրոյն եւ անձնական ոճ ունեցող բեմադրիչ մըն է, որուն գործերը կը ճօճուին «ինքնութեան» փնտռտուքի օրօրոցին մէջ:
Անցեալ ամիս՝ Յուլիս 15ին եւ 29ին, Գանատայի ֆիլմի հաստատութիւնը Clun Saw-ի մէջ ներկայացուց անոր ամբողջական գործերուն ցուցադրութիւնը, որուն առիթով, նոյն հաստատութիւնը հրապարակ հանեց Կարինէ Թորոսեանին նուիրուած եւ Թոմ ՄըքՍորլիի խմբագրած հատորը, որուն խորագիրն է՝ «Elective Identities: The moving Images of Garine Toros-sian»:
Այս առթիւ, Ճորճ Ատուրեան բեմադրիչին հետ ունեցաւ զրոյց մը, զոր ամբողջութեամբ կը ներկայացնենք ստորեւ.

ՃՈՐՃ ԱՏՈՒՐԵԱն.- «Ինքնութեան» հարցը ձեր գործերուն կորիզն է: Խօսեցէք այդ մասին՝ ձեր կենսագրութեան ընդմէջէն, սկսելով ձեր ծննդավայրէն մինջեւ օրս:
ԿԱՐԻՆԷ ԹՈՐՈՍԵԱՆ.- Ծնած եմ Լիբանան, հայ ծնողներէ: Երբ տակաւին երեխայ էի, Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը բռն-կեցաւ եւ 1979ին ընտանիքիս հետ փոխադրուեցանք Գանատա՝ պատերազմի բռնութիւններէն խուսափելու համար: Հասակ նետելով բազմամշակոյթ Թորոնթոյի մէջ՝ արուեստի նկատմամբ հետաքրքրութիւնս շատ կանուխէն սկսաւ: Ընտանիքիս արհեստն ու արուեստը ներշնչած էր զիս, մասնաւորապէս՝ ընտանիքիս կիները, որոնք անկուշտ ասեղնագործողներ եւ ջուլհակագործներ էին: Շրջապատուած ըլլալով կենդանի արուեստներով՝ հասակ նետեցի շարք մը աշխարհներու միջեւ (Հայաստան, Լիբանան եւ Գանատա) եւ ազատութիւնը ունեցայ իւրաքանչիւրը ուսումնասիրելու ստեղծագործականութեանս ընդմէջէն: Այդ կազմաւորման տարիներուն, ապրելով մեծ հօրս եւ մեծ մօրս հետ, որոնք Հայոց Ցեղասպանութիւնը վերապրողներ են, առջեւս բացուեցաւ Ցեղասպանութեան եւ մարդկային իրաւունքներու ոտնահարման դաժանութեան ժառանգութիւնը: Անոնց (մեծ հօրս եւ մեծ մօրս) ստացած խոցը, որ փոխանցուեցաւ մեզի՝ անոնց պատմածներուն ընդմէջէն, զիս դարձուց զգայուն, եւ պահանջքը զգացի յիշողութիւնն ու պատմութիւնը ընկալելու:
12 տարեկան հասակիս սկսայ նկարելու: Քանի մը տարի թափառեցայ նորաձեւութեան եւ թատրոնի աշխարհներուն մէջ, սակայն զգացի, որ այդ երկու աշխարհներն ալ սահմանափակած էին ստեղծագործական ձգտումներս: Երկրորդական վարժարանիս մէջ յայտնաբերեցի դպրոցի «մութ սենեակ»ը եւ սկսայ լուսանկարելու նորաձեւութեան եւ թատրոնի «տիզայն»ներս, որոնք կազմուած էին «փլասթիք»է եւ գտնուած իրերէ: «Մութ սենեակ»ի առեղծուծը գրաւիչ էր ինծի համար եւ ես վայելեցի լուսանկարչութեան ընձեռած ազատութիւնը: Ազդուելով եւ ներշնչուելով եղբօրմէս, որ այդ ժամանակ ֆիլմարուեստ կ՛ուսանէր՝ սկսայ super 8-ով եւ վիտէօ 8-ով նկարահանումներ կատարելու:
21 տարեկանիս, երբ կը յաճախէի Թորոնթոյի «Եորք» համալսարանը, սկսայ պատահական ժապաւէնի կտորներ օգտագործելով՝ զանոնք ներմուծել սկիզբի կարճ ֆիլմերուս մէջ: Ժապաւէնի կտորներով «քոլաժ»ներ (collage) ըրի եւ սինեմայի լեզուին (cinematic language) սահմանները անցայ՝ լուծելու ինծի համար կարեւոր գաղափարներ եւ հարցեր, որոնց կարգին՝ ինքնութեան, բազմակարծութեան եւ մարդկային իրաւանց հարցերը:
ՃՈՐՃ ԱՏՈՒՐԵԱՆ.- Ինչպէ՞ս եւ ինչո՞ւ ընտրեցիք կնճռոտ հակամարտութիւնները սինեմայի պատմախօսութեան միջոցով լուծել:
ԿԱՐԻՆԷ ԹՈՐՈՍԵԱՆ.- Իրականութեան մէջ, իմ արուեստի նպատակս երբեք չէ եղած կնճռոտ հարցեր լուծել: Կը կարծեմ, որ ատիկա հիմնական ձեւն է պատմութիւն պատմելու, սակայն այդ մէկը գերակշռօրէն չի յարմարիր անձնական նախատիպիս:
Պատմութիւն մը կ՛ուզեմ պատմել, որովհետեւ զայն հրապուրիչ կը գտնեմ եւ պատմութիւն մը պատմելու ամէնէն կարեւոր երեւոյթը՝ (այդ մէկը կրնայ կնճռոտ խնդիրներ ունենալ կամ չունենալ) զայն արուեստով, գեղեցկութեամբ եւ, յոյսով եմ, իւրայատուկ ձեւով պատմելն է: Առաջին հերթին, սինեմայի աշխարհէն ներս զիս ներգրաւողը այդ արուեստի միջոցի բազմաճիւղ ըլլալուն բնութիւնն էր: Մարդ կրնայ գրաւուիլ երաժշտութեամբ, կատարողական արուեստով, լուսանկարչութեամբ եւ զանոնք միաւորել պատմութեան մը մէջ: Շարժապատկերի արուեստին մէջ գտայ ազատութիւն, աւելի շատ քան խնդիրներ լուծելու վիճակ. ֆիլմը ունի յայտնաբերելու եւ կեանքիս առեղծուածները քօղազերծելու իր ձեւը, ու այս գործընթացը աւելի շատ սորվելու առիթ է ինծի համար, քան՝ անձնական կամ հաւաքական խնդիրներ լուծելու միջոց:
ՃՈՐՃ ԱՏՈՒՐԵԱՆ.- Ձեր ֆիլմերը սովորական վաւերագրական կամ «experimental» ֆիլմեր չեն. անոնք ունին անձնական գոյն եւ ոճ. արդեօք այդ մէկը իրագործուած է ենթագիտակցութեա՞մբ, թէ անիկա ունի դիտաւորեալ բացատրութիւն:
ԿԱՐԻՆԷ ԹՈՐՈՍԵԱՆ.- Որեւէ ժրաջան եւ ժամանակ պահանջող գործ, եւ ֆիլմարուեստը, իր ամենավերացական վիճակին մէջ, բացառութիւն չէ, ուրեմն այդ բոլոր խենթութիւններն ալ իրենց «մեթոտ»ը ունին: Այնտեղ կայ «մեթոտ» մը եւ կայ բաւական շատ գիտակից աշխատանք եւ ահագին ծրագրաւորում: Ճիշդ է, որ գործերէս միայն «Stone, Time, Touch»ն է, որ վաւերագրական կը համարուի, եւ հաւանաբար դիտողները զայն համարեն իբրեւ այդպիսին: Նախորդ 18 կարճ ժապաւէններս աւելի բանաստեղծական «մոնթաժ»ի (poetic montage) դասակարգին կրնան պատկանիլ: Անոնք ե՛ւ գիտակցական են, ե՛ւ ենթագիտակցական: Անոնց նիւթը միշտ գիտակցական է, եւ նոյնպէ՛ս են գործը եւ ֆիլմի ճարտարապետութիւնը, սակայն տեսողական ոճը կամ մեկնաբանութիւնը կը յայտնուի ենթագիտակիցէն:

Առաջին շրջանի գործերուս մէջ, գրեթէ միշտ տեսողական պատկերը առաջնահերթ էր: Ասոնք զգացում յարուցող պատկերներ էին: «Stone, Time, Touch»ի (փաստօրէն մտածեցի անոր տալ «Nois of Time» խորագիրը՝ Մենտըլսթամի գիրքին վերնագիրը) նիւթը հայկական էր. Հայաստանի հետ զուգորդուելու իղձը՝ ոչ իբրեւ երեւակայական տեղ մը, որուն ծանօթ եմ գիրքերու միջոցաւ, այլ իբրեւ շոշափելի եւ առարկայական հողամաս եւ ժողովուրդ: Ուզեցի երթալ այնտեղ եւ զայն ճանչնալ անմիջական կերպով, եւ գիտնալ թէ անիկա որքա՛ն կը համապատասխանէ Հայաստանի մասին ունեցած գաղափարիս՝ նախքան այնտեղ գտնուիլս:
ՃՈՐՃ ԱՏՈՒՐԵԱՆ.- Անցեալ ամիս, Գանատայի ֆիլմի հիմնարկը յետադարձ (retrospective) յայտագիրով մը ներկայացուց ձեր ամբողջական գործերը. Ինչպէ՞ս ընթացաւ անիկա:
ԿԱՐԻՆԷ ԹՈՐՈՍԵԱՆ.- Անիկա մեծ պատիւ մըն էր: Օթաուայի մէջ անոր բացումին կրցայ գտնուիլ եւ ներկայացնել «Stone, Time, Touch»ը, որուն յաջորդեց հարց-պատասխանը: Դիտողներուն հետ երկխօսութիւն ունենալու առիթը միշտ լաւ փորձառութիւն մըն է, մանաւանդ՝ ֆիլմի իրագործումէն երկու տարի ետք:
ՃՈՐՃ ԱՏՈՒՐԵԱՆ.- Խօսեցէք մեզի Գանատայի ֆիլմի հիմնարկին հրատարակած «Elective Identities: The Moving Images of Garine Torossian» խորագիրով գիրքին մասին:
ԿԱՐԻՆԷ ԹՈՐՈՍԵԱՆ.- Թոմ Մըքսորլի՝ Գանատայի ֆիլմի հիմնարկին տնօրէնը, խմբագիրն է այս «քաթալոկ»ին, որ կ՛ընդգրկէ այլ բեմադրիչներու եւ ֆիլմի ասպարէզի գործընկերներու կողմէ գործերուս մասին գրուած յօդուածները: Անիկա հրատարակուած է Օթաուայի «retrospective»ին զուգահեռ: Իբրեւ շարժապատկերի բեմադրիչ՝ իսկապէս պատուըւած կը զգամ, երբ այլ բեմադրիչներ եւ ակադեմիկոսներ իմ գործերս կ՛ուսումնասիրեն: Նաեւ հպարտ կը զգամ գիրքը Գանատայի ֆիլմի հիմնարկին կողմէ հրատարակուելուն եւ Գանատայի ֆիլմի պատմութեան մաս կազմելուն համար:
