ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Կիրակի, Օգոստոս 7ին, Աւստրալիոյ Սիտնի քաղաքի Ֆէյրֆիլտ շրջանին մէջ բացուեցաւ Ասորիներու ցեղասպանութեան յուշարձանը, որ Թուրքիոյ կառավարութեան դէմ մեղադրանք կ՛ուղղէ ասորիներու դէմ ցեղասպանութիւն գործադրած ըլլալու յանցանքով։ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Սելչուք Իւնալ Երկուշաբթի օր ծանր լեզուով քննադատեց Աւստրալիոյ կառավարութիւնը, որ տուած էր այսպիսի յուշարձան մը կանգնեցնելու արտօնութիւնը։ Իւնալ յայտնեց, որ խստիւ կը դատապարտէ կատարուած իրողութիւնը, որ դիտումնաւոր է եւ երկու երկիրներու յարաբերութիւնները խանգարելու նպատակ կը հետապնդէ։ «Աւստրալիա եւ Թուրքիա բարեկամ երկիրներ են։ Կարգ մը շրջանակներ քաղաքական շահ հետապնդելով կը ջանան այդ բարեկամութեան մէջ թոյն կաթեցնել։ Դաշնակցային մակարդակի վրայ, այս ջանքերը զօրակցութեան կ՛արժանանան։ Ասիկա վտանգաւոր եւ անընդունելի զարգացում մըն է, որ Աւստրալիոյ մէջ ապրող թուրքերը հիասթափութեան մատնած է», ըսաւ Իւնալ։ Բանբերը յայտնեց, որ յուշարձան կանգնեցնելու ձեռնարկը կասեցնելու համար Թուրքիա մեծ ճիգ տարած է, բայց չէ յաջողած։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.