
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի ատենագրութենէն կ՛իմանանք, թէ անցեալ շաբթուան ընթացքին ծերակուտական Սեմ Պրաունպեք, որ հանրապետական ծերակուտական մըն է՝ Քենսասէն, որոշած է կասեցնել Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի կողմէ Թուրքիոյ դեսպան նշանակուած Ֆրենսիս Ռիքիարտոնի նշանակումը վաւերացնելու գործընթացը, առանց այդ որոշումին մասին հանրային բացատրութիւն մը կատարելու:
Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին մէջ հարցաքննուած Թուրքիոյ մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպանի պաշտօնի թեկնածուին հարցը քուէարկութեան պիտի դրուէր Օգոստոս 5ին:
Հարցաքննութեան ընթացքին, երբ ծերակուտական Ռապըրթ Մենենտեզ փորձած էր իմանալ ամերիկացի դիւանագէտին դիրքորոշումը՝ Հայկական Ցեղասպանութեան փաստի ճանաչման առնչութեամբ, Ռիքիարտոն յայտարարած էր, թէ դիւանագէտները անձնական քաղաքականութիւն չունին, եւ Հայկական Ցեղասպանութեան հարցին մէջ ինք պիտի շարունակէ պաշտպանել ամերիկեան վարչակազմին որդեգրած քաղաքականութիւնը: Ան նաեւ ըսած էր, թէ նախագահ Օպամա իր ելոյթներուն ընթացքին արդէն իսկ ազդու կերպով խօսած է «1915ի իրադարձութեանց մասին», զանոնք համարելով 20րդ դարու ամենամեծ բռնարարքներէն մէկը: «Ան նշեց 1.5 միլիոն զոհերու պարագան, եւ գործածեց «ջարդուած» բառը: Ան բաւական յստակ յայտարարութիւն մը կատարեց», ըսաւ թեկնածուն:
Պատասխանելով այլ հարցումի մը, թէ՝ ինք անձամբ ի՞նչ կրնայ ընել, դեսպանի պաշտօնի թեկնածուն յիշեցուց, թէ անցեալին սպասարկած է Թուրքիոյ մէջ եւ այցելած է «ոգիներու քաղաքի վերածուած Խարբերդ քաղաքը, որ անցեալին հայկական աշխոյժ համայնք մը ունէր: Ես դիտումնաւոր կերպով հոն այցելեցի, երբ Ատանայի փոխհիւպատոսի պաշտօնին վրայ կը գտնուէի»:
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարիչ գործավար Արամ Համբարեան յայտարարեց, թէ Պրաունպեքի քայլը անգամ մը եւս ցոյց կու տայ, թէ Ուաշինկթըն ինչպէ՞ս ինքզինք նեղ կացութեան կը մատնէ, տեղի տալով Թուրքիոյ ճնշումներուն, յատկապէս մարդկային իրաւանց, տարածաշրջանի ապահովութեան եւ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցին մէջ: