ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Կիրակի, Օգոստոս 8ին, յանուն Արամ Ա. կաթողիկոսի, Կոմիտաս արք. Օհանեան (Լուսարարապետ) եւ Նարեկ եպս. Ալեէմէզեան (Վարիչ Միջ-եկեղեցական յարաբերութիւններու) Աճալթունի մէջ մասնակցեցան Ասորի Ուղղափառներու Ս. Գաբրիէլ եկեղեցւոյ օծման։ Այս առթիւ, սրբազանները վեհափառ հայրապետին շնորհաւորութիւնները փոխանցեցին Ասորի Ուղղափառ եկեղեցւոյ պետ Զագգա Ա. Պատրիարքին եւ լեռնալիբանանի Ուղղափառ ասորիներու առաջնորդ Ճորճ Սալիպա Մետրոպոլիտին։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.