ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Հինգշաբթի, Օգոստոս 12ին, երեկոյեան ժամը 7էն սկսեալ, Լոս Անճելըսի քաղաքամէջը գտնուող «The Fine Arts Building» շէնքին մէջ պիտի կայանայ արուեստագէտներ Տան Հանայի եւ Հերւէ Օնոսեանի ստեղծագործութեանց ցուցադրութիւն մը:
Ձեռնարկը կազմակերպուած է Շարժապատկերի, երաժշտութեան եւ արուեստի «Արփա» հիմնարկին (AFFMA) եւ իրաւաբաններ Մարք Կիրակոս ու Պրայըն Քապաթեքի կողմէ: Մուտքի սակն է՝ 20 տոլար, իսկ շէնքին հասցէն է՝ 811 West 7th Street, Los Angeles, CA 90017:
Տեղեր կարելի է ապահովել www.itsmyseat.com/DisplayEvent.html?sse=923643 համացանցային կայէքէջէն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.