ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Հայոց Ցեղասպանութենէն ի վեր՝ հայկական եկեղեցական արարողութիւնները արգիլելէ շուրջ մէկ դար ետք, թրքական կառավարութիւնը վերջապէս որոշած է թոյլատրել մէկ անգամ պատարագ մատուցել Աղթամար կղզիին մէջ գտնուող 10րդ դարու Ս. Խաչ եկեղեցիին մէջ։
Հարց յառաջացած է 19 Սեպտեմբերի եկեղեցական արարողութեան մասնակցելու շրջահայեցութեան մասին. թրքական կառավարութիւնը արարողութեան հրաւիրած է աշխարհի չորս կողմէն, հայեր, միջազգային լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներ, օտար դեսպաններ եւ բարձրաստիճան հիւրեր։
Անոնք, որոնք պոյքոթի ենթարկելու կոչեր կ՛ուղղեն, կը մատնանշեն, որ թրքական իշխանութիւններուն իրական նպատակը Եւրոպական Միութենէն եւ Միացեալ Նահանգներէն քարոզչական միաւորներ շահիլն է՝ կեղծ հանդուրժողականութիւն դրսեւորելով քրիստոնեաներու եւ փոքրամասնութիւններու նկատմամբ։ Իրականութեան մէջ, իրերայաջորդ թրքական կառավարութիւնները, աւելի քան ինը տասնամեակ Արեւմտեան Հայաստանի ամբողջ տարածքին հայերու ներկայութեան մասին վկայող բոլոր հետքերը վերացնելու հետեւողական քաղաքականութիւն վարած են, եւ այդ ընթացքին աւելի քան 2000 հայկական եկեղեցիներ ու վանքեր ոչնչացուած կամ օգտագործուած են ոչ կրօնական նպատակներով։ Տարիներ առաջ, Ս. Խաչ եկեղեցին եւս ոչնչացման վտանգի առջեւ կանգնած էր, սակայն տեղւոյն թուրք պաշտօնեաներուն միջամտութեան շնորհիւ կարելի եղաւ զայն փրկել։
Աղթամար կղզի մեկնելուն դէմ արտայայտուողները նաեւ կ՛առարկեն պատմական եկեղեցին Թուրքիոյ կառավարութեան կողմէ իբրեւ «թանգարան» դասակարգելու եւ այնտեղ տարին միայն մէկ անգամ արարողութիւն մատուցելու դէմ։ Բազմաթիւ խնդրանքներէ եւ բողոքներէ ետք, թրքական իշխանութիւնները վերջապէս խոստացած են խաչ տեղադրել եկեղեցւոյ գմբէթին վրայ։
Հայերը պէտք չէ երախտապարտ ըլլան երկրի մը, որ հազարաւոր եկեղեցիներ բռնագրաւելէ եւ աւերելէ ետք, այժմ կը թոյլատրէ եկեղեցական արարողութիւն կատարել մէկ եկեղեցիի մէջ, որ իր կարգին կը դիտուի իբրեւ թանգարան։ Այս եւ հազարաւոր այլ եկեղեցիներ պէտք է պատկանին Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանին, իսկ արարողութիւնները այդտեղ պէտք է կատարուին ըստ պահանջի՝ առանց կառավարութեան թոյլտուութեան կամ միջամտութեան։
Անցեալ շաբաթ Հայաստանի մէջ կիրքերը բորբոքեցան, երբ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին յայտարարեց 19 Սեպտեմբերի արարողութեան երկու բարձրաստիճան եկեղեցականներ ուղարկելու իր մտադրութեան մասին։ Սովորաբար Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը օտար երկիրներուն առնչուող որոշումներ տալու ընթացքին կը խորհրդակցի Հայաստանի իշխանութիւններուն հետ։ Հաշուի առնելով, որ այս յայտարարութիւնը կատարուած է Հայաստանէն անոր բացակայութեան ժամանակ, եւ թերեւս ան իրազեկուած չէր ծագած առարկութիւններուն, ապա վեհափառ հայրապետը այժմ կարելիութիւն ունի վերջնական որոշում տալու՝ Ս. Էջմիածինի ներկայացուցիչները Աղթամար կղզի ուղարկելու վերաբերեալ։ Որովհետեւ Թուրքիոյ հայերը իրաւունք չունին իրենց կարծիքը ազատ արտայայտելու, ապա Թուրքիոյ սահմաններէն դուրս կրօնական եւ աշխարհիկ ղեկավարները պէտք է հանդէս գան հայկական եկեղեցական արարողութիւններու թրքական շահարկումը դատապարտող նախաձեռնութեամբ։
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարած է, որ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ արարողութեան մասնակցելու համար պատուիրակութիւն ուղարկելու պաշտօնական հրաւէր Անգարայէն չէ ստացած։ Յուսանք, որ Հայաստանի կառավարութիւնը նման հրաւէր ստանալու պարագային զայն մերժէ։ Անցեալ տարի հայ-թրքական արձանագրութիւններուն ստորագրութեամբ Երեւան թուրքերուն քարոզչական յաղթանակ մը մատուցած էր։ Աղթամարի եկեղեցւոյ արարողութեան մասնակցիլը համարժէք պիտի ըլլայ թուրքերը երկրորդ անգամ պարգեւատրելուն։
Սակայն յատկանշական է, որ այս անգամ Հայաստանի կառավարութիւնը այնքան ալ զիջողական պիտի չըլլայ։ Նախագահ Սերժ Սարգսեանի իշխող Հանրապետական կուսակցութեան մամլոյ քարտուղար, Ազգային ժողովի պատգամաւոր Էդուարդ Շարմազանով խստիւ քննադատած է արարողութիւնը՝ զայն նկատելով «հրապարակային խեղկատակութիւն» եւ միջազգային հանրութիւնը մոլորութեան մէջ ձգող «սադրանք»։
Բացի ատկէ, նախագահին կողմէ կազմաւորուած խորհրդակցական մարմնի՝ Հանրային խորհուրդի ենթայանձնախումբ մը հրապարակած է յայտարարութիւն մը, որով կը յորդորէ հայերը պոյքոթի ենթարկելու Աղթամարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ արարողութիւնը։ Ան կոչ կ՛ուղղէ իրենց արժանապատուութիւնը յարգող բոլոր հայերուն ձեռնպահ մնալու «թրքական աժան շոուին» մասնակից ըլլալէ։ Ընդդիմադիր Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան եւս կը յորդորէ արարողութիւնը պոյքոթի ենթարկել եւ կը քննադատէ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինը՝ Աղթամար երկու եկեղեցականներ ուղարկելու մտադրութեան համար։
Թրքական կողմը ամենեւին չէ շահագրգռուած հայկական եկեղեցիներու պահպանութեամբ. այդ կը վկայեն գաղտնի ծառայութիւններուն կողմէ քանի մը հազար ընտանիքներու հարցաքննութիւնը. անոնք պանդոկներու սղութեան պատճառով առաջարկած էին դրացի Վան քաղաքին մէջ, 19 Սեպտեմբերին հայ այցելուները հիւրընկալել իրենց տուներուն մէջ։ Թուրք պաշտօնեաները կը կասկածին, որ հիւրընկալող ընտանիքները կրնան Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու թրքացած կամ քրտացած մնացորդներ ըլլալ։ Նացիական Գերմանիոյ կեսթափոյի մարտավարութիւնը յիշեցնող իր այս սարսափազդու քայլով, թրքական վարչակազմը կը ցուցադրէ իր քաղաքացիներուն ազգային ծագումը հետապնդելու իր հակումը։ Ի դէմ, այս ցեղապաշտական հետաքննութենէն ետք, Վանի մէջ շարք մը ընտանիքներու պաշտօնապէս արգիլուած է իրենց տուներուն մէջ հիւրընկալել սփիւռքահայերը։
Հայերը, որոնք միամտաբար մտադրած են եկեղեցական արարողութեան մասնակցիլ »թանգարանին մէջ», անգիտակցաբար մասնակից պիտի դառնան հայկական պատմական եկեղեցւոյ բռնագրաւման օրինականացման եւ պիտի նպաստեն թրքական իշխանութիւններուն բեմադրած քաղաքական «շոու»ին։
Միանգամայն հասկնալի է, որ թուրք ղեկավարները կը ցանկան դրական կերպար ստեղծելով դիւրացնել իրենց երկրին մուտքը Եւրոպական Միութիւն եւ խոչընդոտել Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումին ուղղուած հայկական ջանքերը։ Սակայն ամենեւին հասկնալի չէ, թէ հայերը ինչո՞ւ պէտք է նպաստեն թուրքերու հակահայկական նպատակներու իրականացման։
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր