ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու, Մարդկային իրաւանց եւրոպական ատեանի մօտ Հրանդ Տինքի ընտանիքի կողմէ բացուած դատավարութեան մէջ Թուրքիոյ ներկայացուցած պաշտպանողականին հարցով Չորեքշաբթի, Օգոստոս 18ին յայտարարած էր, թէ չի կրնար մարսել Հրանդ Տինքի դէմ նացիներու օրինակով պաշտպանութիւն կատարելու դիրքը։
Նախարարը աւելցուցած էր նաեւ, որ կարեւոր չէ, թէ որո՞ւ կողմէ գրուած էր այդ պաշտպանողականը, կարեւորը այն էր, որ երբ երկրի առջեւ այսքան կարեւոր մարտահրաւէրներ ցցուած են, կարծիքի ազատութեան առնչուող թղթածրարներ կը քննարկուին եւրոպական ատեանին մօտ։ «Այս երկիրը կարծիքի ազատութիւնը սահմանափակելու պատճառով դատապարտութիւն կրելու արժանի երկրի մը պատկերը պէտք չէ պարզէ», դիտել տուած էր ան։
Ըստ նախարարին, պաշտպանողականը ներկայացուած էր 2009ի Օգոստոսին եւ ինք բազմազբաղութեան պատճառով չէր տեսած այդ թղթածրարը:
«Անկարելի է, այլեւս չենք կրնար ետ քաշել պաշտօնական պաշտպանողականը, որովհետեւ իրաւական գետնի վրայ այդ փուլին հասած է։ Սակայն պիտի ջանանք համաձայնութեան եզր մը գտնել Տինքի ընտանիքի հետ», ըսած էր ան։
«Միլլիյէթ» Հինգշաբթի օր հաղորդեց, թէ նախարարին խօսքերուն իբրեւ պատասխան, Հրանդ Տինքի եղբայրը՝ Խոսրով Տինք ըսած է, որ համաձայնութեան համար կարեւոր քայլ մը պիտի ըլլայ Հրանդ Տինքի դէմ 301րդ յօդուածի լոյսին տակ հրապարակուած «թրքութեան դէմ մեղադրանք»ին ջնջումը։ Խոսրով Տինք նշեց, որ 301րդ յօդուածով Հրանդ Տինքի դէմ հրապարակուած պատիժի ջնջումը արժանապատութեան հարց մը դարձած է Տինք ընտանիքի համար ու շարունակեց ըսելով. «Արտաքին գործոց նախարարի խօսքերը մեծապէս կարեւոր են։ Բայց պայման է, որ նախ 301րդ յօդուածով հռչակուած պատիժը ջնջուի։ Առանց ասոր անկարելի է, որ համաձայնութիւն գոյանայ։ Սպանութենէն առաջ Հրանդի ըրած վերջին գործը եւրոպական ատեանին մօտ ներկայացուած թղթածրարն էր եւ ան կը պահանջէր, որ ատեանը ջնջէր իր դէմ հրապարակուած պատիժը»։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.