ՊԱՔՈՒ.- «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 2ին սկսած է Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւի երկօրեայ պաշտօնական այցելութիւնը Ատրպէյճան:
Ըստ Ռուսիոյ նախագահի օգնական Սերկէյ Փրիխոտքոյի, երկու երկիրներուն նախագահները Պաքուի մէջ պիտի քննեն առեւտրա-տնտեսական յարաբերութիւններուն վերաբերող հարցեր եւ Ղարաբաղի հիմնախնդիրը:
2009ին, երկու երկիրներուն միջեւ առեւտուրը հասած է 1.7 միլիառ տոլարի:
Ռուսիոյ նախագահի օգնականին համաձայն, այցելութեան ընթացքին պիտի ստորագրուին շարք մը համաձայնագիրներ, որոնցմէ մէկն է՝ ռուս-ատրպեճանական սահմանի մասին պայմանագիրը:
Այս մէկը Մետվետեւի երկրորդ այցելութիւնն է Պաքու՝ նախագահի պաշտօնը ստանձնելէն ի վեր: Ան վերջին անգամ Պաքու այցելած էր 2008ին, երբ ստորագրած է «Բարեկամութեան եւ ռազմավարական գործընկերութեան մասին» ռուս-ատրպեճանական պայմանագիրը:
Ռուսիոյ նախագահին կ՛ընկերանան արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով, փոխվարչապետ Ալեքսանտր Խլոպոնին եւ բարձրաստիճան այլ պաշտօնեաներ ու գործարարներ:
Ըստ ռուս եւ ատրպէյճանցի փորձագէտներու, այցի ընթացքին կը նախատեսուին լարուած բանակցութիւններ Ղարաբաղի հարցով: Կ՛ակնկալուի նաեւ, որ Մետվետեւ անդրադառնայ երկու շաբաթ առաջ Երեւանի մէջ ստորագրուած արձանագրութեան, որ կը վերաբերի Հայաստանի մէջ ռուսական ռազմական խարիսխի տեղակայման ժամկէտը երկարաձգելու եւ Հայաստանի ապահովութիւնը երաշխաւորելու հարցով խարիսխի աշխատանքները ընդարձակելու հարցին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.