ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Ամերիկայի Ձայն».- Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան ԱՄՆի ներկայացուցչութիւնը տարածած է մամլոյ հաղորդագրութիւն մը, ըստ որուն, ԼՂՀ իշխանութիւնները վճռական են Արցախի ժողովուրդին եւ անկախութեան պաշտպանութեան համար պահանջուող բոլոր միջոցներուն ձեռնարկելու գործին մէջ։
Ներկայացուցչութիւնը տեղեկացուցած է նաեւ 2010ի Օգոստոս 31ի լուսաբացին, Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի Զինուած ուժերու շփման գիծին վրայ մարդկային զոհեր պատճառած յարձակումին մասին:
Հաղորդագրութեան միջոցով ԼՂՀ ներկայացուցչութիւնը կոչ կ՛ընէ միջազգային հանրութեան դատապարտելու Ատրպէյճանի սադրանքները եւ պատասխանատուութեան կանչելու անոր ղեկավարները՝ տարածաշրջանին մէջ լարուածութիւնը օրէ օր աւելի սրելու համար:
«Միջազգային հանրութեան շահագրգռուած բոլոր կողմերից Ատրպէյճանին ուղղուած ազդանշանը կը կասեցնի հետագայ արիւնահեղութիւնը եւ կը նպաստի տարածաշրջանում խաղաղութեան ամրապնդմանը», ըսուած է Ուաշինկթընի մօտ Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան ներկայացուցչութեան հաղորդագրութեան մէջ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.