ՄՈՍԿՈՒԱ.- Ռուսական «Ռիա Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ վարչապետ Վլատիմիր Փութին հեգնանքով խօսած է Կասպից ծովուն յատակէն անցնելիք «Նապուքօ» կազատարին մասին, որ եւրոպական երկիրներուն պիտի ապահովէ բնական կազի մատակարարում՝ շրջանցելով Ռուսիան։ «Նապուքօ»ի հիմնական խնդիրը երաշխաւորուած ծաւալներու բացակայութիւնն է», ըսած է Փութին։ «Ռուսիան այնտեղ ոչինչ պիտի առաքէ, Իրանի մէջ հանքատեղերը տակաւին շահագործուած չեն, Ատրպէյճանի ծաւալները քիչ են, բացի ատկէ, ատրպեճանցիները Ռուսիոյ հետ համաձայնագիր ստորագրած են՝ կազի առաքման վերաբերեալ», աւելցուցած է Փութին։
«Նապուքօ» ծրագիրի իրագործման խոչընդոտներուն շարքին, Փութին նշած է նաեւ Ատրպէյճանի եւ Թուրքմենիստանի միջեւ գոյութիւն ունեցող տարածքային վէճերը՝ Կասպից ծովու ջրային հարստութեանց բաժանման հարցին շուրջ։ «Իմ կարծիքով, կազատարի կառուցումը նման հանգամանքներու մէջ առնուազն դժուար իրագործելի է, եթէ ոչ անկարելի», նշած է Ռուսիոյ վարչապետը։ Փութին հեգնանքով նկատել տուած է, որ տեսականօրէն ծրագիրը կրնայ իրականանալ, եթէ «գտնուին հետաքրքրուող ընկերութիւններ, որոնք առանց արտահանման երկարաժամկէտ համաձայնագիրներ կնքելու, կը սկսին միլիառներ ներդրել»։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.