ՄՈՍԿՈՒԱ, ՄԱԿ, «Արմէնփրէս».- Վրաստանի ներկայացուցած, Աբխազիայէն ու Հարաւային Օսեթիայէն գաղթականներու վերադարձին առնչուող ու ՄԱԿի Ընդհանուր ժողովին կողմէ Սեպտեմբեր 9ին վաւերացուած բանաձեւին մասին արտայայտուելով՝ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ նման քայլեր տարածաշրջանին կացութիւնը աւելի եւս կը բարդացնեն: «Ըստ Էութեան, այդ փաստաթուղթը ոչ մէկ առնչութիւն ունի տեղահանուածներու եւ փախստականներու նկատմամբ հոգատարութեան եւ մարդասիրական այն բարձր նպատակներուն հետ, որոնց մասին կը յայտարարեն անոր հեղինակները. ան ոչ մէկ ձեւով կը նպաստէ առկայ հիմնախնդիրներու կարգաւորման: Ակներեւ է, որ նախագիծի հեղինակները բանաձեւը պատրաստած են տարածաշրջանին մէջ հաստատուած իրողութիւններուն պարունակէն դուրս, անտեսելով այն փաստը, որ տարածաշրջանին մէջ արդէն երկու տարի է, որ գոյութիւն ունին երկու անկախ պետութիւններ՝ Աբխազիան եւ Հարաւային Օսեթիան, որոնց հետ, ինչպէս Վրաստանի ղեկավարութիւնը, նոյնպէս ալ անոր արտաքին հովանաւորները, ուշ կամ կանուխ ստիպուած պիտի ըլլան հաշուի նստելու», գրուած է նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ:
Վրաստանի նախագահ Միխայէլ Սահակաշվիլի բանաձեւին վաւերացումը «դիւանագիտական փոքր յաղթանակ» որակած է: «Վերջնական յաղթանակը պիտի ըլլայ այն ատեն, երբ բռնագրաւողները կը հեռանան մեր տարածքէն եւ մեր ժողովուրդը կը վերադառնայ իր տուները», աւելցուցած է ան:
Բանաձեւին ի նպաստ քուէարկած է 50 պետութիւն, իսկ 17ն՝ անոր դէմ, մինչ 86ը ձերռնպահ մնացած է:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.