Օգոստոսի սկիզբը ԱՄՆ Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովը ծերակուտական Պարպարա Պաքսըրի խնդրանքով, մինչեւ Սեպտեմբերի կէսերը յետաձգեց Մեթիու Պրայզայի՝ Ատրպէյճանի մօտ ԱՄՆ դեսպանի թեկնածութեան քուէարկութիւնը: Ծերակուտականներ Պաքսըրը, Հերի Ռէյտը եւ Ռապըրթ Մենենտեզը չէին բաւարարեր Պրայզայի ոչ միայն բանաւոր, այլեւ գրաւոր պատասխանները, լսումներուն ընթացքին եւ անոնցմէ ետք:
Վերջին 40 օրերուն ընթացքին, մինչ Քոնկրեսը արձակուրդի մէջ էր, շարք մը թերթեր ու կայքեր կասկածի տակ դրին նման կարեւոր պաշտօնի մը համար Պրայզայի թեկնածութեան նպատակայարմարութիւնը: Անոնք շահերու բախումի վերաբերող որոշ հարցեր առաջ մղեցին Պրայզայի եւ թրքական ծագում ունեցող անոր կնոջ՝ Զէյնօ Պարանի առնչութեամբ, որ մինչեւ վերջերս Ուաշինկթընի վերլուծական կեդրոններէն մէկուն՝ «Հատսըն» հիմնարկի Եւրասիոյ քաղաքականութեան հարցերով զբաղող կեդրոնին, տնօրէնն էր:
Սոյն յօդուածով լուսարձակի տակ կ՛առնենք մէկ հարց… 2007 թուականի Օգոստոս 23ին, Պոլսոյ մէջ կայացած իրենց հարսանեկան հանդիսութեան ընթացքին, Պրայզայի եւ Պարանի նուէր ստանալու մեղադրանքը: Եթէ ատիկա համապատասխանէ իրականութեան, ապա այդ մէկը կը տապալէ Պրայզայի ոչ միայն դեսպան դառնալու հնարաւորութիւնները, այլեւ, որ աւելի կարեւոր է՝ օրինական լուրջ խնդիրներ պիտի յառաջացնէ անոր: Ըստ Միացեալ Նահանգներու օրէնսդրութեան, պետական պաշտօնեաներուն եւ անոնց ամուսիններուն արգիլուած է նուէրներ ընդունիլ, թէկուզեւ հարսանեկան նուէրներ, բացի եթէ անոնք տրուին հարազատներու կողմէ: Այդպիսի նուէրներու մասին պէտք է զեկուցել Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան եւ հարկային ծառայութիւնները: Պրայզայի պարագային, հարցը աւելի կը բարդանայ, քանի որ եթէ ան նուէրներ ստացած է, չէ զեկուցած այդ մասին, միաժամանակ, Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովին մէջ երդում տուած է՝ ըսելով, որ այդպիսի նուէրներ չէ ստացած. ուստի ան կրնայ մեղադրուիլ նուէրին մասին չյայտնելուն, հարկերէն խուսափելուն եւ սուտ վկայութիւն տալուն համար:
Պրայզայի հանրայայտ հարսանիքը զգայացունց հետեւանքներ ունեցաւ, երբ ատրպէյճանցի լրագրող Ատիլ Խալիլը ատրպեճանական «Ազատլիք» ընդդիմադիր թերթին յայտնեց, թէ Պրայզա-Պարան զոյգի հարսանիքին ծախսերուն մեծ մասը վճարած է Ատրպէյճանի տնտեսական զարգացման նախարար Հէյտար Պապաեւը: Նախարարը հերքեց մեղադրանքը եւ զրպարտութեան համար բարձրացուց դատական հայց մը, որուն հիման վրայ Խալիլը ձերբակալուեցաւ, դաժան ծեծի ենթարկուեցաւ ու դաշունահարուեցաւ, ապա ան ստիպուած փախաւ Ֆրանսա: Անհիմն մեղադրանքներով ձերբակալուեցաւ նաեւ թերթի խմբագիր Կանիմաթ Զահիտը: Անցեալ ամիս «Ազատլիք»ը դադրեցաւ լոյս տեսնելէ այն դէպքէն ետք, երբ իշխանութիւնները սոյն խմբագրութիւնը դուրս վռնտեցին իրենց գրասենեակէն: Ատրպեճանական դատական բոլոր ատեանները դիմելէ ետք, թերթի խմբագիրը Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին մօտ հայց ներկայացուց՝ ընդդէմ Ատրպէյճանի:
Ըստ ատրպեճանական եւ թրքական լրատուամիջոցներու հաղորդումներուն, տարբեր երկիրներէ շուրջ 400 յայտնի հիւրեր ներկայ գտնուած են 2007ին Պրայզայի հարսանեկան ճոխ խրախճանքին, որ կայացած է անվտանգութեան խիստ միջոցառումներու ներքոյ:
Թուրքիայէն հիւրերու շարքին եղած են ուժանիւթի եւ բնական պաշարներու նախարարը, Պոլսոյ մօտ ԱՄՆ գլխաւոր հիւպատոսը, Պոլսոյ Հայոց պատրիարքը, խորհրդարանի պատգամաւորներ եւ գլխաւոր լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներ: Պրայզան իր հարսանեկան խրախճանքին հրաւիրած էր նաեւ Հայաստանի ղեկավարները, ինչպէս՝ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանը եւ արտաքին գործոց նախարար Վարդան Օսկանեանը, որոնք, սակայն, չեն մասնակցած այդ արարողութեան: Այդ ժամանակ Պրայզան Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի օգնականի տեղակալն էր եւ՝ Արցախի հակամարտութեան հարցով ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի ամերիկացի համանախագահը:
Պոլսոյ մէջ կայացած Պրայզայի հարսանիքին ներկայ եղած են նաեւ ատրպէյճանցի շարք մը բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, որոնց շարքին՝ արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով, որ հարսանիքի վկաներէն էր, տնտեսական զարգացման եւ բնական պաշարներու նախարար Հէյտար Պապաեւ, Ատրպեճանական քարիւղի ազգային ընկերութեան տնօրէն Ռովնաք Ապտուլլաեւ, խորհրդարանի փոխնախագահ Վալեհ Ալեսքերով եւ Լոս Անճելեսի մօտ Ատրպէյճանի գլխաւոր հիւպատոս Էլին Սուլէյմանով:
Հարսանիքին սկիզբը ընթերցուած է Իլհամ Ալիեւի շնորհաւորական ուղերձը: Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանէն իմ ձեռք բերած փաստաթուղթերուն համաձայն, ատրպէյճանցի խմբագիրը պնդած է, որ Ալիեւ «յատուկ նուէր ուղարկած էր հարսնցուին»:
Հակառակ անոր, որ Պրայզան եւ Պարանը խնդրած էին հիւրերէն նուէրներու փոխարէն նուիրատուութիւններ կատարել թրքական բարեգործական որոշ ծրագիրի մը, սակայն Միջին Արեւելքի մէջ ընդունուած աւանդոյթ է նորապսակ զոյգերուն ընծաներ մատուցելը, յատկապէս՝ թանկարժէք զարդեր: Օրինակի համար, Յուլիսին Քապուլի մէջ Հիլըրի Քլինթընի հետ հանդիպման ընթացքին, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու ըսաւ, թէ ԱՄՆ նախարարին նուէր պիտի յղէ, անոր դստեր հարսանիքին առթիւ:
Ըստ Լրատուամիջոցներու իրաւունքներու հիմնարկին, նախարար Պապաեւի փաստաբանները Պաքուի մէջ դատական նիստի մը ընթացքին հաստատած են, որ ան ներկայ եղած է հարսանիքին եւ նոյնիսկ «նուէր պատրաստած է Պրայզային համար»: Սակայն, Ծերակոյտի լսումներուն ընթացքին Պրայզան հերքած է այն պնդումը, թէ ատրպէյճանցի պաշտօնեան նիւթապէս հովանաւորած է իր հարսանիքը, աւելցնելով, որ բոլոր ծախսերը հոգացեր են իր եւ կնոջ ընտանիքները:
Մինչեւ Ծերակոյտին կողմէ Պրայզայի թեկնածութեան քուէարկութիւնը, պէտք է հանգամանօրէն ուսումնասիրել այն մեղադրանքը, թէ արդեօք Պրայզան հարսանեկան նուէրներ ստացա՞ծ է: Թէեւ ծերակուտականները եւ հայկական, յունական ու կիպրական համայնքները բազմաթիւ պատճառներով դէմ են Պրայզայի թեկնածութեան, սակայն միայն հարսանեկան ծախսերն ու նուէրները կրնան օրէնսդրական լուրջ հետեւանքներ ունենալ: Ուստի, Ծերակոյտը պէտք է սպասէ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարան դիմած ատրպէյճանցի խմբագիրին դատական հայցի արդիւնքներուն:
Նախքան Պաքու շտապելը, Պրայզա պէտք է լիովին համագործակցի նման հետաքննութեան մը, որպէսզի հեռացնէ իր գլխուն վրայ կուտակուած կասկածներու ամպը: Ան պէտք է տրամադրէ իր հարսանիքի հիւրերուն ամբողջական ցուցակը եւ յայտնէ այն բոլոր նուէրներուն մասին, զորս նորապսակներն ու անոնց ընտանիքները ստացած են հարսանիքին առթիւ:
Միացեալ Նահանգներու հետաքննիչները պէտք է հանդիպին բոլոր անոնց հետ, որոնք ներկայ եղած են Պրայզայի հարսանիքին, եւ ճշդեն արարողութեան առթիւ նորապսակ զոյգին մատուցած անոնց նուէրները: Պէտք է Պրայզայէն պահանջել նաեւ, որ հաշուետուութիւն ներկայացնէ հարսանեկան ծախսերուն մասին ու պարզաբանէ, թէ ինչպէ՞ս վճարուած են անոնք:
Քանի մը օր առաջ, ծերակուտական Պաքսըրը նամակ մը գրած էր ինծի՝ լուրջ մտահոգութիւն յայտնելով իր հարցումներուն դիմաց Պրայզայի անբաւարար պատասխաններուն համար, լսումներուն ընթացքին եւ անոնցմէ ետք: Ան խոստացաւ իր ջանքերը շարունակել՝ «պարզելու, թէ արդեօ՞ք Միացեալ Նահանգներու համար ան պատշաճ ներկայացուցիչ է այս չափազանց անկայուն տարածաշրջանին մօտ»:
Ծերակուտական Պաքսըրը եւ անոր գործընկերները պէտք է կա՛մ մերժեն Պրայզայի թեկնածութիւնը, կամ ալ առկախեն զայն, մինչեւ որ անոր դէմ ներկայացուած բոլոր մեղադրանքները ուսումնասիրուին եւ ապացոյցներ ներկայացուին՝ այդ մեղադրանքներուն իսկութիւնը բացայայտելու համար:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» Թերթի Հրատարակիչ Եւ Խմբագիր