ՊԱՔՈՒ.- Ատրպեճանական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, թէ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի միջեւ ռազմավարական համագործակցութեան բարձրագոյն խորհուրդի մասին համաձայնագիրի՝ Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցած ստորագրութեան արարողութենէն ետք, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ, պատասխանելով լրագրողներու հարցումներուն՝ խօսած է թուրք-ատրպեճանական դարաւոր բարեկամութեան ու եղբայրութեան մասին։
Խօսելով ղարաբաղեան հակամարտութեան մասին՝ Ալիեւ ըսած է, որ ատիկա Պաքուի եւ Անգարայի քննարկման հիմնական նիւթերէն մէկն է։ «Այսօր եւս մենք կարծիքներու լայն փոխանակում կատարեցինք այդ նիւթով։ Թուրքիան միշտ աջակցած է Ատրպէյճանին ու Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը վերականգնելու համար տարբեր ձեւերով ջանքեր գործադրած է», ըսած է ան։
Ըստ անոր, Թուրքիոյ հզօրացումը կը նշանակէ նաեւ Ատրպէյճանի հզօրացում։ «Այսօրուան Թուրքիան տասը տարի առաջուան Թուրքիան չէ։ Թուրքիա մեծ եւ ուժեղ երկիր է։ Մենք եղբայրներ ենք, այդ եղբայրութիւնը մեր արեան մէջ է, եւ անիկա կը փոխանցուի սերունդէ սերունդ։ Այդ պատճառով ալ, Թուրքիոյ հզօրացումը դրական գործօն է ղարաբաղեան հակամարտութեան լուծման գործին մէջ։ Թրքական կառավարութիւնը հարցի լուծման համար աշխոյժ քաղաքականութիւն կը վարէ։ Ես վստահ եմ, որ ատիկա դրական արդիւնք պիտի տայ եւ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը պիտի վերականգնի», ըսած է Ալիեւ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.