ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Անսպասելի դէպք մը պատահեցաւ Մեթիու Պրայզային՝ Պաքու մեկնելու ճանապարհին: Սպիտակ տան եւ պետական քարտուղարութեան բարձրաստիճան պաշտօնեաներու կողմէ հաւաստիացում ստանալով, որ ինք պիտի ըլլայ ԱՄՆ յաջորդ դեսպանը Ատրպէյճանի մէջ, Պրայզա Ուաշինկթընի իր տունը վարձու տուած է ու ճամպրուկները կապած՝ օդին մէջ արդէն զգալով քարիւղի ու կազի հոտը:
Պրայզան այնքան յուզուած էր, որ կարծես մոռցած էր, որ Արցախեան հակամարտութեան գծով ԱՄՆի միջնորդ եղած ժամանակաշրջանին իր անպատասխանատու յայտարարութիւններով ու գործունէութեամբ հակադրուած էր Ուաշինկթընի իր որոշ գործընկերներուն ու կովկասեան այլ շրջանակներու:
Աւելի քան մէկ տարի առաջ, երբ Պաքուի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանի պաշտօնը թափուր մնացած էր, Ուաշինկթընի մէջ Պրայզան յանդգնաբար բոլորին ըսած էր, որ կ՛ուզէ, աւելի ճիշդը՝ կը պատրաստուի դառնալ ԱՄՆի յաջորդ դեսպանը Ատրպէյճանի մէջ: Ան անմիջապէս խոչընդոտի առջեւ գտաւ ինքզինք, երբ Ալիեւը Սպիտակ տան տեղեկացուց, որ գոհ չէ թէ՛ Օպամայի վարչակազմի՝ Կովկասի մէջ վարած քաղաքականութենէն, թէ՛ ինքնակոչ հրաշամանուկէն:
Ատրպէյճանը դժգոհ էր, որովհետեւ, նախ՝ Միացեալ Նահանգները եւ Պրայզան Թուրքիոյ կը դրդէին բանալ Հայաստանի հետ սահմանը՝ առանց Արցախեան հակամարտութեան մէջ որեւէ առաջընթացի, երկրորդ՝ Քոնկրեսը հակառակ Պաքուի խիստ առարկութիւններուն՝ եւս 10 միլիոն տոլար յատկացուցած էր Արցախին, եւ երրորդ՝ Հայաստանի նախագահը հրաւիրուած էր Ուաշինկթընի մէջ կայացած 47 երկիրներու Միջուկային անվտանգութեան գագաթաժողովին, իսկ Ալիեւը՝ ոչ:
Պրայզան հակառակորդներ ունէր նաեւ Օպամայի վարչակազմին մէջ: Մի քանի ամիս Պրայզայի թեկնածութեան շուրջ Ուաշինկթընի պաշտօնեաներու շրջանականերու մէջ մի քանի ամիս տեւած ներքին վէճերէն ետք, անցեալ Մայիսին Օպաման վերջապէս անոր անունը ներկայացուց Ծերակոյտին իբրեւ ԱՄՆի յաջորդ դեսպան՝ Ատրպէյճանի մէջ: Քիչ ետք Օպամա Պաքու գործուղեց իր կառավարութեան երկու բարձրաստիճան պաշտօնեաները՝ պաշտպանութեան նախարար Ռապըրթ Կէյթցը եւ արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընը՝ Ալիեւը համոզելու եւ Պրայզայի առնչութեամբ անհրաժեշտ հաւաստիացումներ տալու համար:
Յուլիսին Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովին մէջ Պրայզայի թեկնածութեան վերաբերեալ ունկնդրութեանց ընթացքին որոշ ծերակուտականներ սուր հարցեր ուղղեցին անոր՝ Արցախեան հակամարտութեան կարգաւորման միջնորդ աշխատած ժամանակաշրջանին իր յայտարարութիւններու ու գործունէութեան վերաբերեալ: Անոնք լուրջ խնդիրներ առաջ քաշեցին նաեւ շահերու հնարաւոր խաչաձեւման վերաբերեալ՝ կապուած անոր կնոջ եւ նուէրներու հետ, որոնք հարսանիքի առիթով զոյգը հաւանաբար ստացած էր Ատրպէյճանի կառավարութեան բարձրաստիճան պաշտօնեաներէն: Ծերակուտականներ Պարպարա Պաքսըրը, Ռապըրթ Մենենտեզը, Ռաս Ֆայնկոլտը, Յանձնաժողովի նախագահ Ճան Քերին եւ դեմոկրատներու մեծամասնութեան ղեկավար Հերի Ռիտը բաւարարուած չէին իրենց ներկայացուցած բազմաթիւ գրաւոր հարցումներուն Պրայզայի թերի եւ խուսափողական պատասխաններէն: Ատիկա լաւ բան չէր խոստանար անոր դիւանագիտական փառասիրութեան, որովհետեւ հինգ ծերակուտականներն ալ դեմոկրատներ են, որոնք սովորաբար կը սատարեն դեմոկրատ նախագահի կողմէ առաջարկուած ոեւէ թեկնածուի:
Օգոստոսի սկիզբին, ծերակուտական Պաքսըր՝ հիասթափուած Պրայզայի անկատար պատասխաններէն, Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովէն խնդ-րեց յետաձգել անոր թեկնածութեան քուէարկութիւնը: Վեցշաբաթեայ յետաձգումէն ետք, երբ Սեպտեմբեր 21ին Յանձնաժողովի անդամներու մեծամասնութիւնը հաստատեց Պրայզայի թեկնածութիւնը, ծերակուտականներ Պաքսըր եւ Մենենտեզ այլ բան չէին կրնար ընել, քան «կասեցնել»՝ կանխելու Ծերակոյտի լիագումար նիստին կողմէ անոր թեկնածութեան վաւերացումը: Լուրջ մտահոգութիւններ արտայայտելով այս վիճելի թեկնածուի արժանիքներուն առնչութեամբ, երկու ծերակուտականները դիմեցին կրկնակի «կասեցում»ի հազուադէպ քայլին՝ սառեցնելով անոր թեկնածութեան հաստատումը ամէնէն ուշը մինչեւ յառաջիկայ Յունուար, երբ նորընտիր Ծերակոյտը կը սկսի իր նստաշրջանին: Յետագային Օպաման պէտք է որոշէ կա՛մ կրկին ներկայացնել Պրայզային անունը կա՛մ նոր թեկնածու առաջադրել:
Նախագահը մինչեւ Յունուար «միջնստաշրջանային նշանակում» կատարելու հնարաւորութիւնը ունի: Ծերակոյտը արձակուրդի մէջ եղած ժամանակ նախագահը կրնայ Պրայզային Ատրպէյճանի մէջ դեսպան նշանակել առանց Ծերակոյտի հաստատումին: Սակայն այս բացառիկ քայլը քիչ հաւանականութիւն ունի՝ երկու անպատեհութիւններու նկատառումով. նախ՝ Պրայզայի դիւանագիտական պարտականութիւններու կատարումը կը դժուարանայ, որովհետեւ ան չի վայելեր Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի վստահութիւնը, եւ երկրորդ՝ նախագահի ու ծերակուտականներու միջեւ լուրջ հակադրութիւն կը ստեղծուի՝ վերջինները զրկած ըլլալուն՝ «խորհուրդ եւ հաւանութիւն տալու» իրենց սահմանադրական լիազօրութենէն:
Օպամայի համար լաւագոյն տարբերակը Պրայզայի թերի թեկնածութենէն հրաժարիլն ու աւելի յարմար թեկնածու առաջադրելն է, որ կրնայ շուտով հաստատուիլ Ծերակոյտին կողմէ: Նման քայլով՝ 15ամսեայ բացակայութենէ ետք կ՛արագանայ Ատրպէյճանի ԱՄՆ յաջորդ դեսպանի գործուղումը: Իսկ Յունուարին՝ նախագահի կողմէ Պրայզայի թեկնածութեան երկրորդ անգամ առաջադրումը մի քանի ամիս եւս կը յետաձգէ Ատրպէյճանի մէջ դեսպանի նշանակումը:
Տեսնելով, որ իր հրաշամանուկը լուրջ դժուարութիւններու մէջ է, Wall Street Journal թերթը՝ նէօպահպանողականներու եւ քարիւղի ու կազի լոպիներու պատուարը, Յանձնաժողովի քուէարկութեան նախօրէին չարամիտ խմբագրական մը հրապարակեց ծերակուտական Պաքսըրի եւ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի դէմ՝ փորձելով վախցնել Պրայզայի հակառակորդները: Իսկ «կասեցում»էն ետք Washington Post թերթը աւելի նողկալի խմբագրական հրապարակեց ընդդէմ ծերակուտականներ Պաքսըրի ու Մենենտեզի եւ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախմբին:
Այս լկտի յարձակումները ճիշտ հակառակ ազդեցութիւնը ունեցան՝ ակամայ նպաստելով բարձրացնելու Հայ Դատի յանձնախումբին եւ Ամերիկայի հայ համայնքի քաղաքական ազդեցութիւնը Ուաշինկթընի մէջ:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Տը Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր