
ՊԷՅՐՈՒԹ.- Երէկ ՀՅԴ Լիբանանի կեդրոնական կոմիտէն ներկայացնող պատուիրակութիւն մը այցելեց խորհրդարանի նախագահին: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յովիկ Մխիթարեան, Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ կեդրոնական կոմիտէի անդամ Աւօ Կիտանեան:
Հանդիպումին քննարկման առանցք հանդիսացան լիբանանեան ներքաղաքական իրադարձութիւնները: