
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արմէնփրէս».- Ըստ ԼՂՀ Ազգային ժողովի (ԱԺ) մամլոյ ծառայութեան տուեալներուն, Արցախի խորհրդարանական պատուիրակութիւն մը Սեպտեմբեր 26ին աշխատանքային այցով մեկնած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, ուր իբրեւ առաջին կանգառ ընտրած է Նիւ Եորքը։ Այստեղ, ԼՂՀ ԱԺ նախագահ Աշոտ Ղուլեանին եւ խորհրդարանի Արտաքին յարաբերութիւններու մշտական յանձնաժողովի փոխնախագահ Սերգէյ Ղազարեանին միացած է նաեւ ԱՄՆի մօտ ԼՂՀ մշտական ներկայացուցիչ Ռոպերթ Աւետիսեանը:
Պատուիրակութեան առաջին հանդիպումը կայացած է ՄԱԿի մէջ ՀՀ մշտական ներկայացուցչութեան մօտ, ուր դեսպան Կարէն Նազարեան, ողջունելով հիւրերը՝ ներկայացուցած է վերջերս ՄԱԿի ընդհանուր ժողովին մէջ տեղի ունեցած քննարկումները: Այնուհետեւ Կարէն Նազարեանի ուղեկցութեամբ, Արցախի պատուիրակութիւնը մասնակցած է տեղի հայկական համայնքի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած ձեռնարկին, որ նուիրուած էր ՀՀ անկախութեան հռչակման տարեդարձին: Արցախի խորհրդարանի նախագահը իր խօսքին մէջ կարեւոր համարած է երկու հայկական հանրապետութիւններու վաստակած անկախութեան արժէքը եւ շեշտած Սփիւռքի դերակատարութիւնը՝ զայն ամրապնդելու գործին մէջ:
Սեպտեմբեր 26ի երեկոյեան, Արցախի խորհրդարանի նախագահի պատիւին բարերար Անդրէաս Ռուբեանի կողմէ կազմակերպուած է ընդունելութիւն մը, որուն մասնակցած են տեղի հայ համայնքի հոգեւոր, քաղաքական ու հանրային գործիչներ: Ազգային ժողովի նախագահը, դիմելով ներկաներուն՝ կոչ ըրած է շարունակելու հայրենիքին ցուցաբերուող աջակցութիւնը եւ աշխուժօրէն մասնակցելու Նոյեմբերին սպասուող համահայկական հանգանակութեան:
Յաջորդ օրը՝ Սեպտեմբեր 27ին, ԼՂՀ պատուիրակութիւնը այցելած է Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ ԱՄՆ Հայոց Արեւելեան թեմի առաջնորդարանը, ուր զիրենց ընդունած է թեմի առաջնորդ Խաժակ արք. Պարսամեան: Այնուհետեւ պատուիրակութիւնը այցելած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ԱՄՆ Հայոց Արեւելեան թեմի առաջնորդարանը եւ հանդիպած առաջնորդ Օշական արք Չօլոյեանի հետ:
Առաջնորդարանները այցելութիւններուն կը մասնակցէր նաեւ ՄԱԿի մօտ ՀՀ մշտական ներկայացուցիչը. ընթացքին քննարկուած են համազգային նշանակութեան խնդիրներ եւ անոնց շուրջ հայութեան բոլոր հատուածներու ներուժի կեդրոնացման անհրաժեշտութեան հարցը:
Օրուան երկրորդ կիսուն, Նիւ Եորքի «Ֆորտհեմ» համալսարանին մէջ ԼՂՀ Ազգային ժողովի նախագահը հանդիպած է նահանգի տարբեր համալսարաններ յաճախաղով հայ ուսանողներու հետ, ու անոնց հետ զրուցած Արցախի ներկայ վիճակին, ղարաբաղեան հիմնախնդիրի շուրջ ընթացող բանակցային գործընթացին եւ հնարաւոր զարգացումներուն մասին: Հանդիպման հրաւիրուած էր նաեւ Միշիկընի համալսարանի փրոֆ. Տենիս Փափազեան, որ իր խօսքին մէջ անդրադարձած է Արցախի անկախութեան միջազգային ընկալման:
ԼՂՀ ԱԺ նախագահին գլխաւորած պատուիրակութիւնը Նիւ Եորքէն մեկնած է Ուաշինկթըն, ուր Սեպտեմբեր 28ին, հանդիպած է ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի ամերիկացի համանախագահ Ռապըրթ Պրատ-թքիի հետ: Զրոյցին ընթացքին փոխանակուած են վերջին շրջանին ԼՂ հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին մէջ տեղի ունեցած զարգացումներուն վերաբերող միտքեր:
Այնուհետեւ, ԼՂՀ պատուիրակութիւնը այցելած է Միացեալ Նահանգներու Քոնկրես, ուր հիւրընկալուած է Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահ Հաուըրտ Պըրմընի կողմէ: Վերջինս գոհունակութիւն յայտնած է ԼՂՀ խորհրդարանի նախագահին հետ իր առաջին հանդիպման համար, եւ պատրաստակամութիւն՝ այսուհետեւ եւս ուշադրութեան կեդրոնի վրայ պահելու Արցախին վերաբերող խնդիրները՝ շարունակելով ԱՄՆի կողմէ Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան պահպանման ուղղուած քաղաքականութիւնը:
Օրուան երկրորդ կիսուն, ԼՂՀ պատուիրակութիւնը այցելած է ԱՄՆի մօտ Հայաստանի դեսպանատունը եւ հանդիպած դեսպան Թաթուլ Մարգարեանի ու դեսպանատան դիւանագիտական կազմին հետ: Քննարկուած են ԼՂՀ պատուիրակութեան ուաշինկթընեան այցելութեան ծրագիրին հետ կապուած հարցեր, ինչպէս նաեւ երկու հայկական հանրապետութիւններուն դիւանագիտական կառոյցներուն համագործակցութիւնը խորացնելու հեռանկարները:
Նոյն օրը երեկոյեան, ԱՄՆ Քոնկրեսի սրահներէն մէկուն մէջ տեղի ունեցած է ԼՂՀ հռչակման 19րդ տարեդարձին նուիրուած հանդիսաւոր ձեռնարկ մը, որ կազմակերպուած էր Քոնկրեսին մէջ Հայկական հարցերով զբաղող յանձնախումբի համանախագահներ Ֆրենք Փալոնի եւ Մարք Քըրքի, նաեւ ԱՄՆի մօտ Հայաստանի դեսպանատան, ԼՂՀ մշտական ներկայացուցչութեան եւ ամերիկահայ կազմակերպութիւններու հովանաւորութեամբ: Հանդիսութեան ելոյթ ունեցած են ԼՂՀ Ազգային ժողովի նախագահ Ա. Ղուլեան, ԱՄՆի մօտ ՀՀ դեսպան Թ. Մարգարեան եւ Ամերիկայի քոնկրեսականներ: Ներկայ եղած են տեղի հայ համայնքի, տարբեր լրատուամիջոցներու եւ հանրային շրջանակներու ներկայացուցիչներ:
Յաջորդ օրը՝ Սեպտեմբեր 29ին, ԼՂՀ պատուիրակութեան հանդիպումները ԱՄՆ Քոնկրեսին մէջ շարունակուած են քոնկրեսականներ Ճեքի Սփիրի եւ Սթիւ Ռոթմընի հետ: Ընթացքին քննարկուած են ղարաբաղեան կարգաւորման գործընթացի ներկայ փուլին ու հնարաւոր զարգացումներուն, ԱՄՆի կողմէ Արցախին յատկացուող օժանդակութեան եւ տարածաշրջանային անվտանգութեան վերաբերող հարցեր:
Օրուան երկրորդ կիսուն, ԼՂՀ պատուիրակութիւնը այցելած է Ուաշինկթընի Հայ Դատի գրասենեակ, ուր հանդիպած է կառոյցի ղեկավար մարմինին հետ: ԼՂՀ ԱԺ նախագահը եւ պատուիրակութեան անդամները՝ խորհրդարանի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի փոխնախագահ Սերգէյ Ղազարեան եւ ԱՄՆի մօտ ԼՂՀ մշտական ներկայացուցիչ Ռոպերթ Աւետիսեան, Ուաշինկթընի Հայ Դատի յանձնախումբի պատասխանատուներուն հետ քննարկած են Արցախի ընկերային-տնտեսական զարգացման առնչուող հարցեր, ինչպէս նաեւ արտաքին քաղաքական առաջնահերթութիւններն ու համազգային օրակարգին վրայ հրատապ համարուող թեմաներ: Կողմերը շեշտած են հայրենիք-Սփիւռք յարաբերութիւններուն եւ համագործակցութեան զարգացման անհրաժեշտութիւնը: