ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Տարիներ շարունակ թրքական իշխանութիւնները խեղաթիւրած են Հայոց Ցեղասպանութեան իրողութիւնը: Հակառակ անոր, որ այս բոլորը շատ ցաւալի ու նոյնիսկ նողկալի է, սակայն զարմանք չի յարուցեր, որովհետեւ չարագործները, սովորաբար կը ծածկեն իրենց մեղքը ու անմեղ կը ձեւանան:
Զարմանալին այն է, որ թրքական խեղաթիւրումները Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու ժառանգներուն համար այնքան սովորական դարձած են, որ անոնք այլեւս անհրաժեշտ իսկ չեն համարեր եռանդուն պայքար մղելը ժխտող «պատմաբաններուն», քաղաքական գործիչներուն, դիւանագէտներուն եւ լրագրողներուն դէմ:
Ինչո՞ւ հրէական Հոլոքոսթի ժառանգները ամբողջ թափով կը պայքարին ժխտող պատմաբաններուն, նէօ-նացիստներուն եւ այլ խեղաթիւրողներուն դէմ, մինչդեռ հայերը, իրենց ողբերգութիւնը ժխտողներուն հանդէպ անհոգ վերաբերմունք կը ցուցաբերեն: Արդեօ՞ք անոնք պարզապէս յոգնած են թրքական միեւնոյն կեղծիքները տարէցտարի լսելէ, թէ իրենք զիրենք անզօր կը համարեն այդ խեղաթիւրումներուն վերջ տալու համար:
Այս տարուան սկիզբը, Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովը Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ բանաձեւ մը ընդունեց՝ ձայներու չնչին մեծամասնութեամբ՝ 23 ընդդէմ 22ի: Անկախ այն բանէն, թէ յանձնաժողովի 22 անդամները բանաձեւին դէմ քուէարկելու համար ինչպիսի՞ արդարացումներ ներկայացուցին, իրողութիւնն այն է, որ երբ ճշմարտութիւնը ճանչնալու պահը եկաւ, անոնք բարոյական կամք չցուցաբերեցին դասուելու համար առաքինիներու շարքին, այլ բռնեցին խաբեբաներուն, ժխտողներուն եւ զանգուածային մարդասպաններուն կողմը:
Եւ ի՞նչ էր հայերուն արձագանգը Քոնկրեսի 22 անդամներու արգահատելի պահուածքին հանդէպ: Ցաւօք, զայրոյթի ոչ մէկ խօսք հնչեց անոնց կողմէ: Ոչ մէկ հայ պաշտօնեայ դատապարտեց այդ ստոր քոնկրեսականները: Ո՞ւր են ամերիկահայերուն կազմակերպուած ջանքերը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւին դէմ քուէարկող քոնկրեսականներուն վերընտրութիւնը Նոյեմբեր 2ին ձախողեցնելու ուղղուած:
Պատկերացուցէք, թէ ի՞նչ տեղի պիտի ունենար, եթէ Քոնկրեսի նոյնիսկ մէկ անդամ դէմ քուէարկէր Հոլոքոսթի բանաձեւին: Արդեօք Իսրայէլի ղեկավարներն ու Ամերիկայի հրէաները կը լռէի՞ն: Անոնք արդարացիօրէն ամէն ինչ պիտի ընէին, որպէսզի Քոնկրեսի այդ անդամը չվերընտրուի:
Հարցը այն չէ, թէ արդեօ՞ք Ամերիկայի հայ համայնքը նոյնքան ազդեցիկ կամ հզօր է, որքան է հրէականը: Անկախ իր առկայ քաղաքական կարողութենէն, հայ համայնքը պէ՛տք է եռանդուն արշաւի ձեռնարկէ իր քաղաքական հակառակորդները տապալելու համար: Բաւարար է, որ Քոնկրեսին մէջ լուր տարածուի, թէ Ցեղասպանութեան դէմ քուէարկողը հայերուն կողմէ պարտութեան թիրախ պիտի դառնայ, Քոնկրեսի անբարոյ եւ աննկարագիր անդամները արագօրէն պիտի վճռեն, թէ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը բուռ մը թրքական լիրայի համար չի բխիր իրենց շահերէն:
Ահա Ցեղասպանութեան ժխտման մէկ այլ ճչացող օրինակ, որ աննկատ ու անբողոք մնաց հայերու ու միջազգային հանրութեան կողմէ: Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան կայքը խեղաթիւրուած անթիւ յայտարարութիւններ կը պարունակէ: Կայքը խաբուսիկ պատասխաններ կու տայ անմեղ հարցումներու, ինչպիսին են՝ «Ի՞նչ տեղի ունեցած է 1915 թուականին: Որքա՞ն է հայ տեղահանուածներուն ընդհանուր թիւը: Արդեօք բոլոր տեղահանուածները մահացա՞ծ են: Արդեօք Թուրքիոյ մէջ 1915 թուականի դէպքերը «ցեղասպանութիւն» որակելը յանցագործութի՞ւն է կը համարուի եւ արդեօք այդպէս պնդողները կ՛ենթարկուի՞ն իրաւական հետաքննութեան»:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր երկիրը լաւ պիտակի տակ ներկայացնելու համար, իր կայքին վրայ ծիծաղելի քայլերու կը դիմէ՝ համարձակելով յայտարարել, թէ՝ «Թուրքիան այն միակ երկիրն է, ուր 1915 թուականի դէպքերը կարելի է ազատօրէն քննարկել»:
Նախարարութեան կայքին վրայ նաեւ կը տեսնենք հետեւեալ կեղծ յայտարարութիւնը. «Այժմ Թուրքիոյ մէջ չկայ ոեւէ մէկը, որ դատապարտուած կամ հետապնդուած է 1915 թուականի դէպքերը իբրեւ «ցեղասպանութիւն» որակելու պատճառով»: Թուրքիոյ ԱԳ նախարարութեանը ըստ երեւոյթին կը մոռնայ, թէ լրագրող Հրանդ Տինքը դատապարտուած եւ մեղաւոր ճանչցուած էր իր հարցազրոյցներէն մէկուն մէջ «ցեղասպանութիւն» բառը օգտագործելուն համար: Ան արժանացաւ աւելի վատ ճակատագիրի, քան բանտի մէջ յայտնուիլը. անոր գնդակահարեցին ու սպաննեցին: Նոպէլեան մրցանակի դափնեկիր Օրհան Փամուք եւս մեղադրուած է Թուրքիոյ Քրէական օրէնսգիրքի 301րդ խայտառակ յօդուածով («Թրքականութիւնը վիրաւորելու մասին»), այն պնդումին համար, որ մէկ միլիոն հայ սպաննուած է: Միջազգային արդիւնաւէտ ճնշումներուն շնորհիւ, Փամուքի նկատմամբ մեղադրանքները դադրեցան, սակայն հետագային՝ վերսկսան: Հայոց Ցեղասպանութեան մասին գրելու համար, բազմաթիւ այլ թուրք լրագրողներ ու գրողներ կանգնած են դատարանի առջեւ:
Հայ պաշտօնեաները, սփիւռքահայերը եւ միջազգային հանրութիւնը պէտք է իրենց ջանքերը համատեղեն՝ Թուրքիոյ կառավարութենէն պահանջելով արտաքին գործոց նախարարութեան կայքէն անյապաղ ջնջել այս վիրաւորական կեղծիքները, ու ներողութիւն խնդրել հայերէն:
Մինչ այդ, ոեւէ հայ պաշտօնեայ պէտք չէ որեւէ շփում կամ հանդիպում ունենայ Թուրքիոյ ղեկավարներուն հետ: Պահ մը պատկերացուցէք, որ Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան կայքը յայտարարէ, թէ Հոլոքոսթը երբե՛ք տեղի չէ ունեցած, իսկ Իսրայէլի ղեկավարները շարունակեն պահպանել իրենց կապերը Գերմանիոյ հետ:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Տը Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր