
ԵՐԵՒԱՆ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ, «Արմէնփրէս», «Էյ.Փի.».- «Միայն ափսոսանք կարելի է յայտնել, որ ամերիկեան ընկերային ապահովութեան համակարգում իրականացուած ապօրինութիւններով զբաղուողների մէջ, ըստ հրապարակուած տեղեկատուութեանց, ներգրաւուած են եղել նաեւ Հայաստանի քաղաքացիներ», Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 14ին յայտարարեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Տիգրան Բալայեանը՝ մեկնաբանելով նոյն օրը ամերիկեան լրատուամիջոցներու կողմէ հրապարակուած տեղեկութիւնը, թէ Միացեալ Նահանգներու մէջ ձերբակալուած յանցագործ խմբաւորման կազմին մէջ կան նաեւ հայեր:
«Անհրաժեշտութեան պարագայում, Հայաստանի համապատասխան մարմինները, բնականաբար, պատրաստ կը լինեն համագործակցել իրենց ամերիկեան գործընկերների հետ՝ քննութեանն աջակցելու համար», աւելցուց Տիգրան Բալայեան:
Միացեալ Նահանգներու առնուազն 25 նահանգներու մէջ գործող մօտաւորապէս 120 կեղծ դարմանատուներու միջոցաւ, ձերբակալուած հայկական յանցաւոր խմբաւորման 73 անդամները առնուազն 163 միլիոն տոլար գողցած են «Մետիքէր»էն ու առողջապահական այլ սպասարկութիւններէ:
Կը կարծուի, թէ «Միրզոյեան-Թերճանեան» անունով ծանօթ խմբաւորման ղեկավարները եղած են Դաւիթ Միրզոյեան (Կլենտէյլէն) ու Ռոպերթ Թերճանեան (Նիւ Եորքէն): Այլ կարեւոր դերակատար մը եղած է Կլենտէյլէն Արմէն Ղազարեանը:

Ամբաստանեալները կրնան ցմահ բանտարկութեան դատապարտուիլ, ու միլիոնաւոր տոլարի տուգանքներ վճարելու պարտադրանքին տակ գտնուիլ:
«Էֆ.Պի.Այ.» հետաքննութեամբ բացայայտուած սոյն զեղծարարութիւնը կը նկատուի մէկ խմբաւորումի մը կողմէ Ամերիկայի մէջ իրականացած առողջապահութեան մարզի մեծագոյն զեղծարարութիւնը: