
ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան Հոկտեմբեր 14ին հեռաձայնային զրոյց մը ունեցած է Ռուսիոյ վարչապետ Վլատիմիր Փութինի հետ, ըստ նախագահին մամլոյ սպասարկութեան:
Իր խօսքին մէջ, Հայաստանի նախագահը համոզում յայտնած է, որ բարեկամ Ռուսիոյ տնտեսական հզօրացումը նաեւ զարգացման լուրջ ազդակ է Հայաստանի տնտեսութեան համար:
Կողմերը քննարկած են հայ-ռուսական համագործակցութեան օրակարգային խնդիրներ: