
Ըստ ԵԱՀԿ պաշտօնական կայքէջին մէջ տեղադրուած միջնորդներու յայտարարութեան, ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահները՝ Պեռնար Ֆասիէ (Ֆրանսա), Ռապըրթ Պրատթքի (ԱՄՆ) եւ Իկոր Փոփով (Ռուսիա), Հոկտեմբեր 7-13ին իրականացուցած են Լեռնային Ղարաբաղի կից տարածքներու գնահատման նախանշուած դաշտային առաքելութիւնը։
Նշենք, որ առաքելութեան պայմանները աւելի կանուխ քննարկուած են հակամարտութեան մէջ ներգրաւուած բոլոր կողմերուն հետ:
«Առաքելութիւնը իրականացած է ԵԱՀԿ համանախագահներուն կողմէ՝ ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփըրչիքի եւ տեղական իշխանութիւններուն հետ աշխատող անոր գործակիցներուն մասնակցութեամբ:
Համանախագահներուն հրաւէրով, առաքելութեան մասնակցած են երեք փորձագէտներ, երկուքը՝ ՄԱԿի գաղթականներու հարցերով գերագոյն մարմինէն, որոնք օժանդակած են առաքելութեան, ըսուած է յայտարարութեան մէջ:
Ըստ յայտարարութեան, Հոկտեմբեր 6ին համանախագահները անջատաբար հանդիպած են Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի նախագահներ Իլհամ Ալիեւի եւ Սերժ Սարգսեանի հետ, ներկայացնելու համար հանգամանալից տեղեկութիւններ կայանալիք առաքելութեան մասին, եւ ներկայացնելու համար խումբը, որ պիտի մեկնի իրենց հետ: Նման հանդիպում կայացած է նաեւ Հոկտեմբեր 7ին, Ղարաբաղի իշխանութիւններուն հետ, Ստեփանակերտի մէջ:
«Առաքելութիւնը ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներուն լաւ հնարաւորութիւն ընձեռած է ուղղակի հանդիպելու մարդոց եւ ծանօթանալու տարածքներուն մէջ առկայ ընթացիկ իրավիճակին, ներառեալ՝ մարդասիրական մանրամասնութիւններուն: Փորձագէտներուն աննախադէպ մասնակցութիւնը թոյլ տուած է խումբին աւելի լաւ հասկնալ փախստականներուն եւ տեղահանուածներուն իրաւունքները՝ միջազգային մարդասիրական իրաւունքի ծիրէն ներս, նաեւ պայմանները, որոնց հետ ներկայիս կը բախուին այդ տարածքներուն մէջ ապրող անձինք: Ներկայիս համանախագահները, փորձագէտներու հետ միասին կ՛ամփոփեն առաքելութեան ընթացքին հաւաքուած տեղեկութիւնը: Այդ աշխատանքի աւարտին, անոնք պիտի պատրաստեն ԵԱՀԿի ներքին զեկոյց, որ պիտի տարածուի բոլոր կողմերուն», ըսուած է յայտարարութեան մէջ: