
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հոկտեմբեր 14ին կայացած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ պատգամաւոր Արա Նռանեան յայտարարած է, թէ վերջին տարիներուն Հայաստանի առջեւ ծառացած են երկու խնդիրներ՝ հայ-թրքական յարաբերութիւններն ու տնտեսական ճգնաժամը, որոնց առկայութեան իբրեւ արդիւնք, աւելի ցայտուն դարձած են Հայաստանի թերութիւնները արտաքին քաղաքականութեան եւ տնտեսութեան մէջ: «Բայց դա նաեւ դրական կողմեր ունի. մեր հասարակութիւնը հանեց վարդագոյն ակնոցները եւ սկսեց աւելի սթափ նայել պետութեան շինարարութեան գործին», ըսած է Նռանեան՝ ընդգծելով, որ ներկայ իշխանութիւնը կը կառուցէ «անսեռ, անատամ պետութիւն»:
Նռանեանի կարծիքով, արտաքին քաղաքականութեան մէջ անհրաժեշտ է վերադարձ կատարել դէպի յստակ ազգային ուղի, որ կը բարձրացնէ ոչ միայն երկրին հեղինակութիւնը միջազգային ասպարէզէն ներս, այլեւ՝ հասարակութեան բարոյահոգեբանական տրամադրութիւնը:
«Ակնյայտ է, որ նէօ-ազատական տնտեսական «մոտել»ը (կերպ) արդիւնաւէտ լինել չի կարող: Մենք պէտք է հասկանանք, որ Հայաստանը՝ որպէս պետութիւն, եւ հայերը՝ որպէս ազգ, պէտք է մրցունակ լինեն ազգերի մրցապայքարում», ըսած է ան:
Անոր կարծիքով, Հայաստանի կառավարութիւնը լրջօրէն կը սխալի, երբ երկրին մրցունակութիւնը կը դիտէ Ատրպէյճանի եւ Վրաստանի հետ համեմատաբար: Ըստ անոր, ատիկա կրնայ պատճառ դառնալ, որ երկիրը փակուղի մտնէ, ինչ որ, իր կարգին, կրնայ խոչընդոտել զարգացման գործը:
ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւորը իր խօսքին մէջ նշած է, թէ Հայաստանի մէջ ստեղծուած քաղաքական եւ ընկերային-տնտեսական իրավիճակը կրնայ փոխել միայն այն սերունդը, որ պատրաստ է ինքզինք զոհաբերել՝ յանուն ապագայ սերունդներուն:
«Հակառակ դէպքում մենք ստիպուած կը լինենք շարունակել մեր գոյատեւումը», ըսած է տնտեսագէտը, որուն խօսքով, բոլոր զարգացած երկիրներուն մէջ, ժամանակի ընթացքին յայտնուած է սերունդ մը, որ յստակ գիտակցած է, թէ ամէն մարդ մահկանացու է, եւ չէ գացած ինքնահարստացման ճանապարհով, այլ նախընտրած է երկիրը կառուցելու ուղին:
Նռանեան բերած է օրինակը Գերմանիոյ մէջ Պիզմարքին, որ ուժեղ պետութիւն ստեղծեց՝ միացնելով փոքր գերմանական միաւորումները, նաեւ՝ Իտալիոյ մէջ Կարիպալտիի օրինակը, Անգլիոյ մէջ՝ Քրոմուէլի օրինակը: Նռանեանի կարծիքով, չկայ օրինաչափութիւն, թէ ե՞րբ կը յայտնուի այդ սերունդը, բայց ազգային պետութիւնը կը ստեղծուի բացառապէս այն ժամանակ, երբ ասպարէզ կու գայ այդ սերունդը:
«Մենք ունեցել ենք այդպիսի սերունդ 1918-20 թուականներին: Ցաւօք, արտաքին գործօնները թոյլ չտուեցին Առաջին հանրապետութեանը գոյատեւել, բայց ես դա ոչ մի կերպ չեմ կապում իմ կուսակցական պատկանելիութեան հետ: Այդ սերունդը ազգային-ազատագրական պայքար էր մղում, գիտէր ազատութեան արժէքը, գիտակցում էր ազգային պետութեան կարեւորութիւնը: 1988ին պայքարի ելած սերունդը կարող էր ստեղծել ազգային պետութիւն, սակայն անկախութիւնից յետոյ մեզանում չկար նման գաղափարախօսութեամբ իշխող քաղաքական ուժ: Մենք բաց թողեցինք այդ ժամանակահատուածը եւ սկսեցինք պետութիւն կառուցել այլ արժէքային համակարգով: Ցաւօք, մենք հիմա ունենք նիւթապաշտների սերունդ, որը յատկապէս վառ է արտայայտուած իշխող քաղաքական էլիտայում», նշած է Նռանեան՝ աւելցնելով, որ հասարակութիւնը միշտ ալ պատրաստ է փոփոխութիւններու:
Ըստ Նռանեանի, համաշխարհային փորձը ցոյց տուած է, որ երկրին արդիւնաւէտ զարգացման համար բաւարար է 15-20 տարին, նոյնիսկ եթէ այդ երկրին մէջ «օլիկարքներ» կ՛ապրին: